Թշնամիի Կրակոցէն Վիրաւորուած է ՊԲ Ժամկէտային Զինծառայող Մը
Փետրուար 15-ին, ժամը 16:15-ի սահմաններուն, Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին վրայ՝ թշնամիի զինծառայողները խախտած են հրադադարի պահպանումը, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է ստացել ՊԲ ժամկէտային զինծառայող Խաչատուր Գագիկի Խաչատրեանը:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ վիրաւոր զինծառայողին վիճակը կը գնահատուի կայուն-ծանր:
Միջադէպին առնչութեամբ անմիջապէս համապատասխան տեղեկատւութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:
