Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորները Կ՝ահազանգեն Արցախի Պատմամշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Վտանգին Մասին
Եւրոպական խորհրդարանի անդամները կ՝ահազանգեն Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման վտանգին մասին՝ դատապարտելով հայկական եկեղեցիները իբրեւ «աղուանական» ներկայացնելու եւ անոնցմէ հայկական հետքերը վերացնելու Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Եւրոպացի պատգամաւորները Twitter-ի վրայ կոչ ըրած են միջազգային հանրութեան գործի անցնելու եւ դատապարտելու Ազրպէյճանի այդ գործողութիւնները:
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է գործի անցնի հիմա: Մենք պէտք է դատապարտենք եւ կասեցնենք Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան խեղաթիւրման, աղաւաղման եւ ոչնչացման ցանկացած փորձ»,- գրած է Եւրոխորհրդարանի կիպրացի պատգամաւոր Տեմեդրիս Փափատագիսը:
Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան աղմկայարոյց նախաձեռնութեան անդրադարձած է նաեւ հոլանտացի պատգամաւոր Փեդեր վան Տալենը՝ գրելով, որ Ալիեւի յանցագործութիւնները սահմաններ չունին: «Ազրպէյճանը յայտարարած է, թէ կը ծրագրէ ջնջել հայկական հետքերը եկեղեցիներէն: Եւրոպական խորհրդարանը, Ֆրանսուա Ալֆոնսին (Եւրոխորհրդարանի անդամ), Սիլվի Կիյոմը (Եւրոխորհրդարանի անդամ) պէտք է դատապարտեն այս մշակութային ցեղասպանութիւնը»,- յայտարարած է Փեդեր վան Տալենը:
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 3-ին ազրպէյճանական ԶԼՄ-ները հաղորդած էին, թէ Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովը յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է «տեղի եւ արտերկրեայ մասնագէտներ»է կազմուած «աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն նպատակն է այսպէս կոչուած «աղուանական տաճարներ»էն հեռացնել «հայերուն ձգած կեղծ հետքերը»:
