Դաշնակցութիւն Չունի Եւ Չէ Ունեցած «Հայդուկ» Ջոկատ. ՀՅԴ-ն Կը Հերքէ Տարածուող Լուրերը եւ Կը Պահանջէ Պատասխանատւութեան Ենթարկել Արարքին Հեղինակները

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի լրատուական ծառայութիւնը տարածած է պաշտօնական հերքում, ուր կ՝ըսուի.

Պաշտօնական հերքում

ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ ծաւալող սեւ քարոզչութեան ծիրէն ներս տարածուած է հերթական զազրելի սուտը, առ այն, որ վերջերս ԱԱԾ-ի կողմէ պետական դաւաճանութեան առերեւոյթ յանցագործութեան բացայայտման ծիրէն ներս ձերբակալուած է իբր Դաշնակցութեան «Հայդուկ» ջոկատի ոմն հրամանատար:

Սոյնով կը տեղեկացնենք, որ Դաշնակցութիւնը չունի եւ չէ ունեցած «Հայդուկ» ջոկատ։ Հետևաբար, այն պնդումները, թէ իբր այս ջոկատի շտաբը գտնուած է ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, նոյնպէս սուտ է: Բացի այդ՝ ԱԱԾ-ի հրապարակած տեսանիւթին մէջ առկայ անձինք ՀՅ Դաշնակցութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունին, մասնաւորապէս՝ անոնցմէ ոեւէ մէկը դաշնակցական չէ եւ չէ եղած։

Կը պահանջենք իրաւապահ մարմիններէն՝ բացայայտել եւ պատասխանատւութեան ենթարկել քրէօրէն պատժելի այս արարքին հեղինակները, մասնաւորապէս՝ սուտ մատնութեան յատկանիշներով անյապաղ յարուցել քրէական հետապնդում:

Անբարոյականութիւն է ուրանալ ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնն ու դաշնակցականներու անձանազոհութիւնը ազատագրական պայքարին:

Կը դիմենք վերոնշեալ յերիւրանքը տարածած լրատուականներուն՝ հրապարակելու այս հերքումը։

ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի լրատուական ծառայութիւն