Քարինտակի Մէջ Ազրպէյճանցիները Կ՝անարգեն Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

2021 թուականի Մարտին Karabakh Honor անունով օգտատէրը իր youtube ալիքին վրայ տեղադրած է տեսանիւթ մը, ուր յստակ կ՝երեւի, որ վանտալութեան կ՝ենթարկուի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի Քարինտակի Սբ. Աստուածածին եկեղեցին: Այս մասին կը գրէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը:

Տեսանիւթին մէջ յստակ կ՝երեւի, որ ջարդուած ու կիսուած է եկեղեցւոյ խորանին Սուրբ սեղանը, եկեղեցւոյ ներսը տակնուվրայ է, ազրպէյճանցի զինուորականները եկեղեցի կը մտնեն ու կ՝ելլեն, կը բարձրանան խորանի վրայ, կ՝անարգեն զայն, կը մտնեն աւանդատուները, որոնք նոյնպէս տակնուվրայ եղած են։

Բացի այդ, ակնյայտ է նաեւ, որ, ոտնահարելով քրիստոնէական կառոյցի ծիսական գործառոյթը, ազրպէյճանցի վանտալները մահմետական աղօթք կը հնչեցնեն քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ: Դատելով տեսանիւթէն՝ կրնանք եզրակացնել, որ Արցախի Քարինտակ գիւղին մէջ տեղակայուած է ազրպէյճանական զինուորական մեծ ստորաբաժանում, որուն զինուորները կ՝անարգեն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։

Նախաձեռնութեան արձագանգը

«Համաձայն Զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954 թուականի Հաագայի համաձայնագրի 4-րդ յօդուածին՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանտալութեան, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուէհարդարի ցանկացած գործողութիւն։ Ըստ Հաագայի 1954 թուականի  առաջին արձանագրութեան՝ արգիլուած է գրաւեալ տարածքներուն մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները։ Հաագայի 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութիւնը կը վերահաստատէ այս պահանջը եւ այդպիսի արարքը՝ ըստ 15-րդ յօդուածի, կ՝որակէ իբրեւ միջազգային յանցագործութիւն։ Մշակութային արժէքներու ոչնչացման գործողութիւնները կ՝արգիլուին նաեւ Ժընեւի 1949 թուականի Օգոստոս 12-ի պատերազմէն տուժածներու պաշտպանութեան, պատերազմի օրէնքներու եւ սովորոյթներու վերաբերեալ միջազգային չորս պայմանագրերու եւ արձանագրութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերու եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պայմանագրերուն»,- կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։