«Արցախը Ստեղծագործում Է» Խորագիրով Ցուցահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ
Փետրուար 6-ին, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնած «Արցախը ստեղծագործում է» խորագիրով ցուցաահանդէսը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։
Բացման ելոյթով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհաննիսեան, որ միութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, հակառակ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն:
Ցուցադրուեցան Ստեփանակերտի, Շուշիի, Հատրութի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի, Շահմասուրի, Վանքի, Հացիի, Սպիտակաշէնի, Խնուշինակի եւ Ճարտարի տաղանդաւոր երեխաներու աշխատանքները:
«Ծրագիրի իրագործման համար համագործակցած ենք Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ, ինչպէս նաեւ Արտադպրոցական ծրագիրի բաժնի վարիչ Արմէն Պետրոսեանի հետ: Այս ծրագիրը, նպատակ ունի Արցախի պատանիներուն մէջ սէր յառաջացնել դէպի հայկական մշակոյթը, յատկապէս յետպատերազմեան շրջանին, ինչպէս նաեւ մեր հանրութեան բացայայտել տաղանդաշատ պատանիները եւ ցուցադրել անոնց աշխատանքները: Ծրագիրը ի սկզբանէ յայտարարուած էր ասեղնագործութեան, շիւղագործութեան եւ ուլունքագործութեան ասպարէզներու մէջ, սակայն, քանի որ ներկայացուած աշխատանքները տարատեսակ եւ բազմաբովանդակ էին, որոշեցինք ընդլայնել եւ իւրքանաչիւր շրջանէ ընտրել ներկայացուած լաւագոյն աշխատանքը»,- զեկուցեց Անի Յովհաննիսեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ արտադպրոցական ծրագիրի բաժնի վարիչ Արմէն Պետրոսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայացուած աշխատանքներու հեղինակներուն եւ անոնց ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ նշեց, որ նախարարութիւնը կը համագործակցի տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, որոնց շարքին է Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութիւնը: Արմէն Պետրոսեան նաեւ շնորհաւորեց Հ.Յ.Դ.-ի 131-ամեակը:
Խօսք առաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Արցախի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալիոնա Գրիգորեան: Ան ողջունեց մասնակիցները եւ նշեց, որ յատկապէս պատերազմէն ետք, խիստ կարեւոր եւ առաջնահերթ են նմանօրինակ մշակութային ձեռնարկները:
«Յուզուած եմ, տեսնելով Հատրութէն, Շուշիէն ներկայացուած աշխատանքները: Յոյսով եմ, որ Հատրութի մէջ եւս առիթ կ’ունենանք նման ձեռնարկներ կազմակերպելու: Արցախի կողքին պիտի մնանք շարունակ»,- ըսաւ Ալիոնա Գրիգորեան:
Խօսք առաւ ձեռագործ աշխատանքներու մասնագէտ Կարինէ Գրիգորեան, որ ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, դժուարին պայմաններու տակ նման ցուցահանդէս կազմակերպելու համար:
Ցուցահանդէսի աւարտին՝ 12 լաւագոյն աշխատանք արժանացաւ պատուոգրերու եւ նուէրներու, Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ:

