Արցախի Մէջ Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը Փրկելու Համար ՀԿ-ները ՀՀ Կառավարութեան Կոչ Կ՝ընեն ՄԱԿ Դիմելու
Հայաստանի Հանրապետութեան շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ յայտարարութիւն տարածած են Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ։ ՀԿ-ները պահանջներ ներկայացուցած են ՀՀ վարչապետին եւ կառավարութեան, մասնաւորապես՝ ՀՀ ԱԳ նախարարութեան, ԿԳՄՍ նախարարութեան։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է․
«Ս․թ․ Փետրուար 3-ին ազրպէյճանական եւ միջազգային աղբիւրներէ յայտնի դարձած է, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ձեւաւորած է «աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն յառաջադրանքն է՝ աղուանական ճարտարապետական յուշարձաններէն հեռացնել «կեղծ հայկական հետքերը»։ Ակնյայտ է, որ այս գործողութիւնը ուղղուած է Արցախի տարածքին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան վերացման, որուն իբրեւ արդիւնք նաեւ հարցականի տակ պիտի դրուի արցախահայութեան սեփական հողին վրայ ապրելու պահանջներու, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմքը։
Այս ծիրէն ներս յատկանշական է յիշեցնել, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները 2005 թուականին ոչնչացուցած են Նախիջեւանի Ջուղա քաղաքի հայկական գերեզմանոցը՝ իր հազարաւոր արժէքաւոր խաչքարերով։ Անոնք տեղահանուած եւ ջարդուած են շինարարական սարքերու օգնութեամբ եւ օգտագործուած իբրեւ շինանիւթ, իսկ գերեզմանոցի ազատուած տարածքը վերածած են զինավարժարանի։ Այդպիսով Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ապացուցած են, որ ընդունակ եւ հետեւողական են հայկական պատմական հետքերու ոչնչացմամբ իրականացնելու ցեղազտման իրենց քաղաքականութիւնը:
ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան դատարանը Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի գործով իր 2021թ. Դեկտեմբեր 7-ի միջանկեալ միջոցներու կիրառման վերաբերեալ որոշումով պահանջած է Ազրպէյանէն՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալութեան եւ պղծման բոլոր գործողութիւնները, որոնք կատարուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ, ինչպէս՝ եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի այլ վայրերու, յուշարձաններու, բնութեան վայրերու, գերեզմաններու եւ այլնի: Ազրպէյճանը իր ներկայ գործողութիւններով կ՝ոտնահարէ տուեալ որոշումը եւ կ՝ապացուցէ իր վճռականութիւնը աւարտին հասցնելու սկսած գործը:
Ցաւալիօրէն, Ազպէյճանի նախագահ Ալիեւի պարբերական դարձած հայատեաց կոչերը ու անթաքոյց ցեղազտման ու մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը պատշաճ եւ համարժէք արձագանգ չեն ստանար Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ։ Վերջինիս դիրքորոշումները յաճախ չեն համապատասխաներ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու անվտանգութեան, Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն առնչուող օրհասական իրավիճակի մարտահրաւէրներուն։
Կը պահանջենք ՀՀ վարչապետէն եւ կառավարութենէն (մասնաւորապէս՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւն),
Անյապաղ
1. Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան վերացման միտուած գործողութիւններուն մասին ծանուցել ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան դատարանին՝ Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի գործով կիրառուած միջանկեալ միջոցի չկատարման/խախտման վերաբերեալ, անհրաժեշտութեան պարագային` լրացուցիչ միջոցներու կիրառում պահանջելու եւ նախատեսուող յանցագործութիւններն ու հայկական մշակութային ժառանգութեան անդառնալի կորուստը կանխելու նպատակով:
2. դիմել ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն, ինչպէս՝ UNESCO-ին (ներառեալ՝ գործելով իբրեւ UNESCO-ի Գլխաւոր խորհուրդի անդամ) եւ Մշակութային հարցերով յատուկ զեկուցողին՝ կազմակերպելու այցելութիւն Արցախ եւ դիտարկելու ու փաստագրելու հայկական յուշարձաններու առկայ վիճակը:
1. «Թրանսփարենսի Ինթերնեշնլ» հակակոռուպցիոն կեդրոն
2. Իրաւունքների պաշտպանութիւն առանց սահմանների
3. Ժուռնալիստների «Ասպարէզ» ակումբ
4. Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնադրամ
5. «Խաղաղութեան երկխօսութիւն» ՀԿ
6. Հելսինկեան քաղաքացիական ասամպլէայի Վանաձորի գրասենեակ
7. Երեւանի մամուլի ակումբ
8. «Համայնքային համախմբման եւ աջակցութեան կեդրոն» ՀԿ
9. «Յանուն հաւասար իրաւունքների» կրթական կեդրոն ՀԿ
10. «Յօդուած 3» մարդու իրաւունքների ակումբ
11. Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէ
12. Ստեղծագործ Եւրոպա հարթակ մշակութային ՀԿ
13. Ինֆորմացիայի ազատութեան կեդրոն
14. «Փինք» իրաւապաշտպան ՀԿ
15. Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ – Հայաստան
16. Գորիսի մամուլի ակումբ
17. «Ազատ քաղաքացի» ՔՆԱԿ ՀԿ
18. Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում
19. Հելսինկեան ասոցիացիա իրաւապաշտպան ՀԿ
20. Հանրային լրագրութեան ակումբ
21. Կանանց ռեսուրսային կեդրոն ՀԿ
22. Կանանց իրաւունքների տուն
23. Սօսի Թաթիկեան, միջազգային յարաբերութիւնների եւ անվտանգութեան մասնագէտ
24. Էդուարդ Աբրահամեան, պ.գ.թ., Բրիտանական Լեսթերի համալսարանի դասախօս եւ դոկտորանտ
25. Բենիամին Պօղոսեան, Քաղաքական եւ տնտեսական ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոն»։
