Հայաստանը Բարոյական եւ Իրաւական Իրաւունք Չունի Մեզի Պայմաններ Պարտադրելու. Ազրպէյճանի ԱԳՆ
Երկու շաբաթ առաջ Հայաստանը հանդէս եկաւ Ազրպէյճանի հետ սահմանի սահմանազատման նոր առաջարկներով։ «Երկիր»-ի տեղեկութիւններով՝ Հունգարիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Փեդեր Սիյարդոյի հետ համատեղ ասուլիսով յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։
Անոր խօսքով՝ հայկական կողմը որոշակի պայմաններ դրած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովի աշխատանքները սկսելու համար։
«Ազրպէյճանը յայտարարած է, որ կրնայ սկսիլ այս գործընթացը, բայց առանց որեւէ պայմանի»,- ընդգծած է Պայրամովը՝ աւելցնելով, որ սահմաններու սահմանազատման հարցով «ստեղծագործական» մօտեցումներու կարիք չկայ։
«Միջազգային սահմանները պէտք է ճանչցուին. Հայաստանը, որը 30 տարի գրաւած է ազրպէյճանական հողերը, չունի իրաւական, քաղաքական կամ բարոյական իրաւունք սահմաններու սահմանազատման հարցով որեւէ պայման դնելու»,- եզրափակած է ան։
