Հայաստանցիներուն 90%-ը Թուրքիան, Իսկ 77%-ը՝ Ազրպէյճանը Կը Համարեն Հայաստանի Համար Գլխաւոր Քաղաքական Սպառնալիք Ներկայացնող Երկիրներ. Թուրքագէտ
Թուրքագէտ Վարուժան Գեղամեան Facebook-ի իր էջին կը գրէ. «Ամերիկեան IRI կազմակերպութիւնը հրապարակած է Հայաստանի մէջ հանրային կարծիքի հարցման հերթական արդիւնքները (հարցումը իրականացուած է 2021թ. Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին)։
Հարցման որոշ արդիւնքներ կարեւոր են՝ հասկնալու համար, թէ ՀՀ քաղաքացիները ինչպէս կը վերաբերին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։
Ահա որոշ արդիւնքներ (հարցման ամբողջական արդիւնքները՝ մեկնաբանութիւններուն մէջ).
– Հարցուածներուն ճնշող մեծամասնութիւնը Թուրքիան (90%) եւ Ազրպէյճանը (77%) կը համարեն Հայաստանի համար գլխաւոր քաղաքական սպառնալիք ներկայացնող երկիրներ։
Ճնշող մեծամասնութիւնը վերջիններս կը համարէ նաեւ անվտանգային (88 եւ 81% համապատասխանաբար) եւ տնտեսական սպառնալիք (68 եւ 52% համապատասխանաբար)։
– Միայն 5%-ը կը կարծէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պէտք է զարգանան, որպէսզի Հայաստանը զարգանայ։
– Միայն 29%-ը կը կարծէ, որ Թուրքիոյ հետ պէտք է հաստատուին առանց նախապայմաններու յարաբերութիւնները։ Հարցուածներուն շուրջ կէսը կը կարծէ, որ Թուրքիոյ հետ պէտք է սկսիլ երկխօսութիւնը, սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պէտք է մնայ մեր օրակարգին վրայ։ Իսկ 48%-ը նաեւ կը կարծէ, որ Հայաստանը պէտք է ներկայացնէ իր նախապայմանները։
– Հարցուածներուն մեծամասնութիւնը (շուրջ 59%-ը) կը կարծէ, որ Ազրպէյճանի հետ փոխադրամիջոցային ճանապարհներու բացումը բացասական պիտի ազդէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման վրայ (27%-ը կը կարծէ հակառակը)։ Գրեթէ նոյնն է պատկերը Թուրքիոյ հետ ճանապարհներու բացման հարցով (53%-ը կը կարծէ, որ Հայաստանի վրայ բացասական պիտի ազդէ)։
Եթէ վերոնշեալը համադրենք հարցման այլ արդիւնքներու հետ՝ կրնանք փաստել, որ հակառակ ՀՀ տէ ֆաքթօ իշխանութիւններու եւ տարատեսակ լուսանցքային խումբերու կողմէ արդիւնաբերական ծաւալներով իրականացուող բրօթրքական քարոզին («խաղաղութեան դարաշրջանի» կեղծ օրակարգի անուան տակ), ՀՀ բնակչութեան մեծամասնութիւնը, բարեբախտաբար, կը հասկնայ, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը նպատակ ունին ոչնչացնելու Հայաստանը իբրեւ քաղաքական ինքնուրոյն գործօն եւ իրական խաղաղութեան մասին որեւէ խօսք չկայ։
Կը մնայ, որ ազգային ուժերը կարենան շահագործել այս տրամադրութիւնները՝ առաջին հերթին խաթարելով հակահայկական օրակարգի զարգացումը (Արցախէն հրաժարումէն մինչեւ միջանցքի տրամադրում) եւ ապա հասնին կապիտուլիանտ իշխանութիւններու հեռացման»։
