Կոչ Կ՝ընենք Հայաստանի Հանրային Հեռուստաընկերութեան Վերականգնելու ՀՀ ՄԻՊ-ին Առնչուող Բնականոն Հեռարձակման Քաղաքականութիւնը. Եւրոպական ՄԻՊ Հիմնարկի Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Խիստ մտահոգիչ է, որ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնը կ՝իրականացնէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութեան հեռարձակումը արգելափակելու արդէն երկարաժամկէտ քաղաքականութիւն. Եւրոպական Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի հիմնարկի յայտարարութիւնը.

Եւրոպական Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի հիմնարկը յայտարարութիւն տարածած է «Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութեան հեռարձակումը Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան կողմէ արգելափակելու վերաբերեալ»։ Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի․

«Մեզի համար խիստ մտահոգիչ է, որ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնը, ստեղծուած ըլլալով Կառավարութեան կողմէ, կ՝իրականացնէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութեան հեռարձակումը արգելափակելու արդէն երկարաժամկէտ քաղաքականութիւն:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անկախ է եւ կը վայելէ իրական յարգանք, անոր հեղինակութիւնը ունի միջազգային ճանաչում:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւնը կարեւոր դեր ունի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան խթանման գործին մէջ: Անիկա կը բարձրացնէ քաղաքացիներու իրազեկուածութիւնը իրենց իրաւունքներուն վերաբերեալ ոչ միայն յայտարարութիւններու, այլ նաեւ իրազեկուածութեան բարձրացման հանրային արշաւներու միջոցով, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ քաղաքացիներու կողմէ հանրային իշխանութեան մարմիններու նկատմամբ վերահսկողութեան:

Չափազանց կարեւոր է այն, որ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը տեղեկութեան անփոխարինելի աղբիւր է շարք մը ոլորտներու մէջ (օրինակ՝ խոշտանգումներու կանխարգելումը Կանխարգելման ազգային մեքենականութեան կողմէ քրէակատարողական հիմնարկներ այցերու միջոցով՝ որպէս բացառիկ իրաւասութիւն) եւ կը ծառայէ այլընտրանքային տեսակէտներու կամ իրական վիճակի վերաբերեալ տեղեկութեան վստահելի աղբիւր հասարակութեան համար։

Մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւնները պաշտպանուած են միջազգայնօրէն (Եւրոպայի խորհուրդ, ԵԱՀԿ եւ այլն): Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան քաղաքականութիւնը էական վնաս է սահմանադրական այս հաստատութեան հանրային հեղինակութեան եւ, հետեւաբար, անոր արդիւնաւէտութեան՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան անոր կարողութիւնները սահմանափակելու միջոցով:

Մենք ուշադիր կը հետեւինք այն դժուարութիւններուն, որոնց կը բախի Հայաստանի մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ հանրային իշխանութեան մարմիններուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ, սակայն ատիկա պէտք չէ ազդէ Կառավարութեան կողմէ հիմնադրուած Հանրային հեռուստաընկերութեան վերաբերմունքին վրայ՝ կապուած հեռարձակման հետ։

Այսպիսով, մենք կոչ կ՝ընենք Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան եւ Հայաստանի հանրային հեռարձակողի խորհուրդին անյապաղ վերջ դնելու այս անընդունելի քաղաքականութեան եւ վերականգնելու Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին առնչուող բնականոն հեռարձակման քաղաքականութիւնը։

Այս է երկրին մէջ հանրային ճիշդ տրամադրութիւնը խթանելու ճանապարհը»։