Ազրպէյճանցիները Անկանոն Կրակահերթեր Արձակած են Սահմանի Հիւսիս-արեւելեան Հատուածին․ ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ Յունուար 27-ին ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ ապատեղեկատւութիւն է։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Իրականութեան մէջ, Յունուար 27-ին, ժամը 22։00-ի սահմաններուն, սահմանի նշուած հատուածին վրայ, քանի մը անկանոն կրակահերթ արձակուած է ազրպէյճանական կողմէն, որոնց հայկական ստորաբաժանումները չեն պատասխանած։