Միասնական Նուիրումով Զօրացնենք Մեր Ազգային Բանակը. Հ.Յ.Դ. Հայաստանի ԳՄ-ի Շնորհաւորական Ուղերձը Հայոց Բանակի 30-ամեակին Առթիւ

Հայաստան

30 տարի առաջ` Յունուար 28, 1992-ին, «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ» պատմական որոշումով ազդարարուեցաւ Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը: Անիկա ծնունդն էր մեր արդար պայքարին, մեր պոռթկած արժանապատւութեան` ծառայելու մեր անվտանգութեան ու պետականութեան ամրապնդման:

Հայոց բանակը կոփուեցաւ հերոսական մարտերու մէջ` դառնալով հզօր ու մարտունակ: Իւրաքանչիւր հայ հպարտ էր իր բանակով եւ իր զինուորով: Մեզի կը միացնէր այն հաստատ համոզումը, որ Հայրենիքի սահմանին կանգնած զինուորը կը գիտակցի եւ կը ծառայէ վեհ գաղափարի` ինքն է հայկական պետութեան եւ անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը:

Հայոց բանակն ու Հայոց պետականութիւնը իրենց կայացման ճանապարհին անցած են դժուար փորձութիւններէ, արձանագրած հերոսական էջեր, դիմագրաւած եւ կը շարունակեն դիմագրաւել լրջագոյն մարտահրաւէրներ:

Մեր ժողովուրդի եւ բանակի համար այս ծանր օրերուն պէտք է գիտակցինք եւ առաջնորդուինք կամքով եւ հաւատով, որ մեր նահանջները ժամանակաւոր են, որ մեր բանակն ու զինուորը ունին իւրաքանչիւրիս անվերապահ զօրակցութեան կարիքը: Միասնական նուիրումով զօրացնենք մեր ազգային բանակը, սահմանին կանգնած մեր որդիներուն հաւատ ու վստահութիւն ներշնչենք սեփական ուժերու եւ վսեմ առաքելութեան նկատմամբ:

Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը, ըլլալով Հայոց բանակի կազմաւորման ակունքներուն մէջ, մշտապէս սատարած է Հայոց բանակին: Մենք ատիկա ապացուցած ենք գործով՝ պետականութեան եւ հայ զինուորի կողքին կանգնելով Արցախեան ողջ ազատամարտի, նաեւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն: Մենք ատիկա ըրած ենք անսակարկ, մեր տասնեակ նուիրեալ ընկերներու կեանքին գնով, անոնց հերոսական զոհողութիւններով: Այսօր ալ կանգնած ենք հայրենիքի եւ պետականութեան, անոր նուիրեալ զօրավարներու, սպաներու եւ զինուորներու կողքին եւ թոյլ չենք տար նսեմացնել մեր ազգի ու պետութեան անվտանգութեան երաշխաւոր Հայոց բանակը, այն ալ` անվտանգային լրջագոյն սպառնալիքներով լի այս ժամանակներուն:

Խոնարհում հայ զինուորին:

Շնորհաւո՛ր տօնդ, Հայո՛ց բանակ: Շնորհաւո՛ր տօնդ, հա՛յ ժողովուրդ, անկոտրում կամքով դէպի նոր ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ:

Հ․Յ․Դ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ

Յունուար 27, 2022