Թուրքիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Պիտի Քննարկուի Նաեւ Հայաստանի Թեման
Յունուար 27-ի երեկոյեան տեղի կ՝ունենայ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։ Նիստի օրակարգին ընդգրկուած են Հայաստանի, Իսրայէլի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ ռուս-ուքրաինական զարգացումներուն վերաբերող հարցեր։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadolu-ն։
Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը պիտի իրականացուի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ։ Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը։
Օրակարգային հարցերէն են նաեւ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ շարունակուող ճգնաժամը ու այդ հարցով Թուրքիոյ հնարաւոր միջնորդութիւնը, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն մէջ աւելի վաղ իրականացած աշխատանքները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։
