Ներկայացուցիչներու Առաջին Հանդիպման Ընթացքին Քննարկուած են Մեկնարկի Նպատակները եւ Ակնկալիքները. Չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կառավարութեան նիստէն ետք՝ լրագրողներու հետ հարցուպատասխանի ժամանակ՝ խօսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները առաջին հանդիպման ընթացքին «քննարկած են գործընթացի մեկնարկին նպատակները եւ ակնկալիքները»:

Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Նպատակը Հայաստանի հետ ամբողջական կարգաւորումն է: Մենք այս մասին յայտարարած ենք: Հայաստանն ալ ասկէ շատ գոհ է: Պիտի քննարկենք նաեւ այն, թէ բացի թռիչքները սկսելէն եւ յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելէն, ուրիշ ինչ քայլեր կարելի է ընել: Յատուկ ներկայացուցիչները պիտի աշխատեն այս բոլորին ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուին փոխվստահութեան մակարդակը բարձրացնող քայլերը»: