Հրանդ Տինք – 15-Ամեակ Եւ Դատավճիռներու Տեսականի (19 Յունուար 2007). Համբիկ Պիլալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

…Պոլսոյ 14-րդ դատարանը Հրանդ Տինքի սպանութիւնը
վերագրած է Կիւլենի «Հիմզեթ» շարժումին`
մասնաւորաբար ոստիկանութեան նախկին
բարձրաստիճան կարգ մը սպաներու:

(«Ազդակ», 16-7-2021)

Իր նահատակութենէն ասդին, հայ մամուլը մօտէն հետեւեցաւ, քննութեան առարկայ դարձուց եւ համապարփակ լրատուութիւն թէ վերլուծութիւններ լոյսին բերաւ, պարզապէս մոռացութեան չտալու Հրանդ Տինք անունը, անոր դատական գործընթացը, իր կատարած գործին մեծութիւնն ու սերունդներու յիշողութեան մէջ անոր թողած ժառանգը:

Իսկ ո՞վ էր այս անձնաւորութիւնը, որ իր մասին այսքան մելան հոսեցուց` իր ողջուց թէ նահատակութենէն ետք: Ինչո՞վ կը տարբերէր ան ուրիշներէ, իբրեւ հայ լրագրողի թէ հասարակական գործիչի, ազգային կեանքի նուիրեալի, մանաւանդ` արդարութեան ձայնի թունդ հաւատացողի, եւ որոնց պատճառով ան իր կեանքը  մատոյց ճշմարտութեան բագինին:

Հրանդ Տինք:

Հայաշունչ որբանոցի մը մէջ հասակ առած այն տղան էր, որ հետագային կրցաւ նուաճել բազմահազար մարդոց (հայ-թուրք-քիւրտ) սրտերն ու մտքերը, շնորհիւ իր հայադրոշմ կերպարին, խիզախութեան, յանդուգն խօսքին եւ աներեր կամքին:

Փաստօրէն, իր նահատակութենէն տասնամեակ մը առաջ արդէն ան երեւոյթ մը դարձած էր պոլսահայ իրականութեան մէջ թէ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Ան կրցած էր շատ արագ իր ներկայութիւնը ամրապնդել, յատկապէս հասարակական կեանքի մէջ, երբ առանց երկմտանքի կը նետուէր պայքարի դաշտ յանուն խօսքի ազատութեան:

Կարծես բաւարար չէր պոլսահայ հրապարակագիրի իր կոչումը, գրիչին ապաւինած` արտայայտելու իր մտածումներն ու համոզումը, ան յանձն կ՛առնէր, սապէս  քարոզիչի ցուպը ձեռին` իջնել ժողովուրդի գիրկը եւ երկխօսութեան դիմել:

Կրնանք հարց տալ, թէ ուրկէ՞ անոր այսքան քաջարի եւ խրոխտ կեցուածքը, երբ ան ժողովրդական լսարաններու թէ ակադեմական շրջանակներու մէջ, տարբեր հարթակներու թէ թրքութեան որջի սրտին, այնքան համարձակ կը խօսէր այնպիսի նիւթերու մասին, որոնք, այսպէս ըսած, արգիլուած էին Թուրքիոյ տարածքին, աւելի քան հարիւր տարիէ: Հրանդ Տինքի ներշնչման աղբիւրը ո՞վ էր, կամ անոր մտքին մէջ ովքե՞ր սնուցած էին այնպիսի պատմական ճշմարտութիւններ, որոնք հաւատամքի եւ ամուր համոզումի վերածուած էին իրեն համար եւ զինք մղած արդարութեան կանչը ըլլալու:

Ըսինք, որ Հրանդ Տինք երեւոյթ մը կը հանդիսանար, որովհետեւ ան առանց վախի կը բարձրաձայնէր Հայոց ցեղասպանութեան եւ ինքնութեան մասին: Ասոնք երկու անկորչելի եւ համարժէք ազդակներ էին Պոլսոյ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիրին համար, որոնցմով ան պիտի կարենար իր պատմաքաղաքական տեսակէտներն ու վերլուծութիւնները հանրութեան ներկայացնել` շեշտադրելով հայ-թուրք դարաւոր թշնամութիւնը, պատճառներն ու հետեւանքները:

Միւս կողմէ, սակայն, մտահան պէտք չէ ընել նաեւ այն, որ Հրանդ Տինք ջերմ ջատագովն էր հայ-թուրք երկխօսութեան եւ իրերհասկացողութեան, անշուշտ, լոյսին բերելէ ետք պատմական ճշմարտութիւնները, երկու ժողովուրդներու անցեալի դառն յիշողութիւնները եւ Արեւմտահայաստանի դատը:

Եւ ահա, ժամանակ մը ետք, թրքութիւնը իր բարբարոսային դիմակով հանդէս կու գար եւ օր ցերեկով կը սպաննէր հայ խմբագիրը իր իսկ խմբագրատան դիմաց: Քստմնելի ոճիր մը, որ գործադրուեցաւ, այսպէս ըսած, անչափահաս Օկիւն Սամասթի ձեռամբ, Եասին Հայալի ուղղակի մեղսակցութեամբ եւ Թունջելիի` ոճիրի մտայղացմամբ:

Երկարատեւ ձգձգումներու, խեղաթիւրումներու եւ դիտաւորեալ դատական գործընթացներու յետաձգումներէ ետք, յունիս 2019-ին, վճիռը կ՛արձակուէր եւ իր լրումին կը հասնէր դատական գործընթաց մը, որ շփոթի մատնած էր նոյնինքն թուրք հասարակութիւնը:

Ճիշդ է, որ Հրանդ Տինքի պաշտպան փաստաբաններու ոգի ի բռին աշխատանքը ձեւով մը արդիւնքի կը հասնէր, այդուամենայնիւ, հարցի էութիւնը կը մնար անլոյծ, գործուած ոճիրին տարողութիւնը նսեմացուած, իսկ սպանութեան ետին կանգնող ուժին իսկական դիմագիծը թաքուն եւ պաշտպանուած: Թուրքիոյ խորունկ պետութեան կարգն ու սարքը կը յաջողէր լռութեան մատնել արդարութեան ձայնը:

Բուն ոճրագործը կ՛արդարացուէր եւ զերծ կը մնար ամէն տեսակի մեղադրանքէ եւ հաշուետուութենէ: Այլ խօսքով, յաչս աշխարհին ներկայացուած թուրք զազրութեան այլազան դիմակները` Էրկենեքոն, Գորշ գայլեր թէ հայատեացութեամբ յագեցած (թաքուն կառոյցներ), այլապէս «անմեղի» պատմուճանը հանդերձած` յորդորներ կը կարդային ամբողջ մարդկութեան:

Եւ այսպէս, շարունակաբար, հակառակ, այսպէս ըսած, վճիռի կայացման եւ արդարադատական գործընթացի աւարտին, գրեթէ վեցամեայ դրութեամբ նորովի լոյսին կու գային այնպիսի դատաիրաւական հնարքներ, որոնք ծիծաղի տեղիք կու տային նոյնինքն թուրք պետութեան համար, երբ մե՛րթ կը փորձէին խաբուսիկ «նոր» տուեալներ հրամցնել հանրութեան, մե՛րթ էրտողանական խօսքեր ծախել հասարակութեան, յանգելով վերջապէս որ Հրանդ Տինքի ոճիրին ետին կը կանգնին կիւլենական շարժումի մութ ուժեր:

Արդ, պէ՞տք է յիշեցնել յաճախ, որ վերոնշեալ թաքուն կառոյցները իրար զօդողը` հայատեացութիւնը, այլամերժութիւնն ու ցեղապաշտութիւնն է, որոնցմով կը յաւակնին յոխորտալ ընդմիշտ, եւ կ՛ընդունին զանոնք որպէս թուրք պետական մտածողութեան «առողջ տարրեր», աւելի՛ն. թրքութիւնը պաշտպանելու դաւանանք:

Հրանդ Տինք – 15-ամեակ:

Հայազգի լրագրողին մեծութիւնն ու անոր պատգամին անժամանցելիութիւնը, ճիշդ է, որ սերունդներու յիշողութեան յանձնուած են, այդուհանդերձ, հարկ է ամէն քայլափոխի հոգեշարժի մղել հայ, թուրք եւ քիւրտ այն զանգուածները, որոնք հաւատացին Հրանդին եւ թիկունք կանգնեցան անոր արդար ձայնին:

Իսկ, Միջազգային հանրային կարծիք, Մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ այլ կազմակերպութիւններ, օրին ինչո՛ւ մնացին եւ կը մնա՛ն թմբիրի մէջ, պարզապէս լոլոզախառն յորդորներ յղելով ասդի ու անդի հորիզոններ:

Հայութիւնը իր պատասխանը ստացաւ Արցախի մեծ մասի կորուստով:

Արդ, Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկները անպակաս պէտք է ըլլան աշխարհով մէկ, պարզապէս խոնարհելու անոր քաջութեան, համարձակութեան եւ հայատրոփ սրտին մեծութեան դիմաց: