Լոյս Տեսած Է Լրագրող Փիղատասի «Ազգ եւ Ազ­գա­յին Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ. ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը»՝ Յունարէնով

Աշխարհ, Սփիւռք

Հ­րա­պա­րա­կի վրայ է լրագ­րող Ա­լեք­սանտրոս ­Փի­ղա­տա­սի «ΕΘΝΟΣ ΚΑΙ ΕΘΝΙΚΕΣ ΜΕΙΟΝΟΤΗΤΕΣ. Η ΜΕΛΕΤΗ ΤΗΣ ΓΕΝΟΚΤΟΝΙΑΣ ΤΩΝ ΑΡΜΕΝΙΩΝ» (Ազգ եւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ. ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը) գիր­քը, որ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ 2021-ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան եւ կ­՚ընդգրկէ 20-րդ ­դա­րու ա­մե­նա­մեծ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րէն՝ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մը, հիմ­նո­ւած յու­նա­կան եւ օ­տար աղ­բիւր­նե­րու վրայ։ Իւ­րա­յա­տուկ այս ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կո­ւած է Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ յե­նո­ւած է նաեւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի վկա­յու­թիւն­նե­րուն վրայ։

Ար­ժէ­քա­ւոր հրա­տա­րա­կու­թիւն մը, որ պէտք չէ պակ­սի ո­րե­ւէ գրա­դա­րա­նէ եւ կար­դա­ցո­ւի բո­լոր ա­նոնց կող­մէ, ո­րոնք հե­տաքրք­րո­ւած են պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ։

Ս­տա­նա­լու հա­մար կա­րե­լի է դի­մել ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կը, հե­ռա­ձայ­նե­լով 2109574973 թի­ւին։ ­Գին՝ 16 եւ­րօ։