
Պատուաստուիլը Պէտք է Մարդու Ազատ Կամքով Ըլլայ. Բողոքի Ցոյց՝ ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան Դիմաց
Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան շէնքին մօտ՝ «Ազատ կամք» նախաձեռնութեան անդամներուն հրաւէրով՝ Յունուար 17-ին կազմակերպուած է բողոքի ցոյց՝ ընդդէմ պարտադիր պատուաստումումներուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
«Ազատ Կամք» նախաձեռնութեան ղեկավար, իրաւաբան Արա Զոհրաբեանը նախարարութեան մօտ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է.
«Պատուաստուիլը պէտք է ըլլայ մարդու ազատ կամքով։ Կարելի չէ մարդուն ստիպել պատուաստուիլ այն պատուաստանիւթերով, որոնք գրանցուած չեն։ Չկայ աշխարհի վրայ «քորոնավիրուս»-ի դէմ պատուաստանիւթ, որ գրանցուած է։ Անոնք բոլորն ալ փորձարկումներու փուլի մէջ են»։
Զոհրաբեանը հարցումով դիմած է Առողջապահութեան նախարարութեան, հետաքրքրուելով, որ եթէ անձը վնասներ կրէ պատուաստման հետեւանքով, կամ խախտուի անոր կեանքի իրաւունքը, ո՞վ պատասխան պիտի տայ։ Նախարարութիւնը պատասխանած է, որ մարդիկ կը պատուաստուին կամաւոր կերպով։ Ըստ Զոհրաբեանի, եթէ անձը պատուաստման պատճառով խնդիրներ ունենայ ու փորձէ դիմել դատարան, պիտի փորձեն համոզել, որ ան կամաւոր պատուաստուած է։
Անդրադառնալով նոր սահմանափակումներուն՝ Զոհրաբեանը նշած է, որ հանրային սնունդի կեդրոններուն մէջ կը փորձեն սահմանափակել մարդոց մուտքը, կը խոցեն աշխատաւորներն ու հանրային սնունդի կեդրոններու սեփականատէրերը։
«Իրենց ուժը կը պատէ աշխատող մարդոց վրայ, որովհետեւ այլ գործիք չունին։ Վստահ եմ, որ մարդիկ, որոնք աշխատանքը կորսնցնելով մէկտեղ չեն պատուաստուած, ճաշարանի մէջ սնուելու համար բնականաբար չեն պատուաստուիր։ Ե՛ւ իրենք պիտի տուժեն, ե՛ւ ձեռնարկատէրերը»։
Զոհրաբեանը նշած է, որ այս քայլերը կը կատարուին իրաւաբանօրէն ոչ գրագէտ ձեւով։ Բացի այդ, կը փորձեն նոյնիսկ քաղաքացիները տանիլ երեխաները պատուաստելու ճանապարհով։
«Պատուաստանիւթ արտադրողները, օրինակ, «Մոտերնա»-ի մասով ԱՆ-ն նուէր ստացած խմբաքանակը իրացնելու համար տարիքային սահմանափակումը 18-էն իջեցուցած է 12 տարեկան, այն պարագային, երբ «Մոտերնա»-ի արտադրողը գրած էր, որ ասիկա նախատեսուած է 18-էն բարձր անձերու համար։ Կը պատկերացնէ՞ք, որ նախարարը նման որոշում կ՝իրականացնէ։ Հարցումներ ըրած եմ եւ բազմաթիւ երեխաներ պատուաստած են»։
Զոհրաբեանը յայտնած է, որ յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած են Նոյեմբերին, սակայն մինչեւ օրս չեն տեղեկացած՝ քրէկան գործ յարուցուած է, թէ՝ ոչ։ Իրաւաբանը նաեւ նշած է՝ քաղաքացիները պէտք է անհամաձայնութիւն յայտնեն, հակառակ պարագային նախարարութիւնը միւսներու երեխաներուն եւս պարտադիր պատուաստումներու պիտի տանի։
Անոր գնահատականով, այս ամէնը բժշկութեան հետ կապ չունի, քաղաքականութիւն է, մարդոց կամքը կոտրելու, մարդոց ստրկացնելու ձեւ է։