
Արցախի Փրկարարները Վերսկսած են Զոհուած Զինծառայողներու Աճիւններու Որոնողական Աշխատանքները
44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անհետ կորսուած համարուող զինծառայողներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անձերու աճիւններու (մասունքներու) որոնողական աշխատանքները Յունուար 14-ին փրկարարական մէկ ջոկատով իրականացուած են Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած` Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը:
«Որոնումները արդիւնք չեն տուած, աճիւն կամ մասունք չէ յայտնաբերուած: Յառաջիկայ ուղղութիւններուն եւ արդիւնքներուն մասին ԱԻ պետական ծառայութիւնը պիտի տրամադրէ յաւելեալ տեղեկութիւն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ռազմական գործողութիւններու դադարէն ետք մինչ օրս տարհանուած եւ հաստատուած է ընդհանուր 1705 աճիւն: