Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Մէկ Միլիոն Տոլարի Կրթանպաստներ Նուիրեց Հայաստանցի, Արցախցի Եւ Ջաւախքցի Ուսանողներու

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (Կլենտէյլ) կը տեղեկացնէ, թէ մէկ միլիոն տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է Հայաստան, Արցախէն եւ Ջաւախքէն աւելի քան 1000  ուսանողներու։

Կրթանպաստներուն մեծ մասը շնորհուած է Հայաստանի մէջ հանրային համալսարաններ յաճախող ուսանողներու, որոնցմէ 185-ը Արցախի պատերազմին մասնակցած վեթերաններ են։ Կրթանպաստներ տրամադրուած են նաեւ Հայաստանի Ֆրանսական եւ Ամերիկեան համալսարանները յաճախող ուսանողներու, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի համալսարանները յաճախող Ջաւախքէն ուսանողներու։

 Հայ կրթական հիմնարկութիւնը կրթանպաստներ ստացած աշակերտներուն նաեւ նուիրած է շարժական համակարգիչներ, դիւրացնելու համար անոնց կրթութեան ջանքերը։

 Այս բոլորը կարելի դարձան կրթանպաստներու ծրագիրին զօրակցած առաւել քան 150 բարերարներու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ։

 Հայ կրթական հիմնարկութիւնը կրթանպաստ ստացողները կ՛ընտրէ՝ նկատի ունենալով անոնց նիւթական կարիքի մակարդակը, միանդամ ծնողքի զաւակ, բազմաթիւ զաւակներ ունեցող ընտանիքէ եւ գիւղական շրջաններէ ըլլալը, ծնողներուն մասնակցութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին կամ ծառայութիւնը հայկական բանակին, ուսանողներուն տրամադրած կամաւոր սպասարկութիւնները ու նիշերը:

 Հայ կրթական հիմնարկութիւնը նաեւ յատուկ ջանք կը թափէ կապեր հաստատելու կրթանպաստի հիմնադրամին նուրիրատուութիւններ կատարողներուն եւ կրթանպաստ ստացող ուսանողներուն միջեւ, այդպիսով նպաստելով նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ջանքերուն: 

Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950-ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.aefweb.org կայքը: