Թուրքիոյ Խորհրդարանի 26 Պատգամաւորներ Կ՛ամբաստանուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կատարելու Յանցանքով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 26 պատգամաւորներ Անգարայի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ կ՛ամբաստանուին «թուրք ազգը եւ թրքական պետութիւնը վիրաւորելու» յանցանքով, պարզապէս որովհետեւ անոնք Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած էին՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով T24 լրատուական  կայքը:

Պատգամաւորները կոչը կատարած էին անցեալ Ապրիլ 24-ին։

Ամբաստանեալներուն դէմ հետաքննութիւն կրնայ սկսիլ, եթէ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը հաւանութիւն տայ անոր: