Հայ-թրքական Յարաբերութիւնները Կրնան Կարգաւորուիլ Միայն Աշխարհասփիւռ Մեր Ժողովուրդի Համախոհութեամբ, Առանց Թրքական Նախապայմաններու. Հ.Յ.Դ. Բիւրօ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պարբերաբար նախանշած է այն մարտահրաւէրները, որոնք կապուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին հետ` յատկապէս Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն մասնակցութեամբ:

Անհրաժեշտ կը համարենք արձանագրել, որ պաշտօնական Անգարան ոչ միայն չէ հրաժարած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման իր յայտնի երեք նախապայմաններէն (Հայաստանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատարելէն հրաժարում, Արցախի ենթակայութիւն Ազրպէյճանին եւ Հայաստան-Թուրքիա առկայ միջպետական փաստացի սահմանի իրաւական ամրագրում), այլեւ աւելցուցած է չորրորդը` այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի տրամադրում: Աւելին, Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը Ազրպէյճանի հետ համադրելու վերաբերեալ, կը փաստեն, որ խօսքը ոչ թէ կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա միջպետական բանակցութիւններուն, այլ թշնամական տանդեմի կողմէ Հայաստանին հարկադրուող նոր անձնատւութեան մասին:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման այս գործընթացը ի սկզբանէ անառողջ է եւ խիստ վտանգաւոր: Ատիկա կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած միջազգային քաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակով մը երբ երկիրը պարտութեան տարած օրուան իշխանութիւնը առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով զուրկ է հայութեան կենսական շահերը արդիւնաւէտ պաշտպանելու կարողականութենէն:

Ակնյայտ է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յղի է աշխարհաքաղաքական, անվտանգային, քաղաքական, տնտեսական եւ հոգեւոր-մշակութային բազմաթիւ մարտահրաւէրներով եւ անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ անշրջելի վտանգաւոր հետեւանքներու եւ ինքնիշխանութեան կորուստի:

Առկայ մտահոգութիւնները աւելի կը խորանան ՀՀ իշխանութիւններու անպատասխանատու քաղաքական վարքի եւ հաշուետուողականութեան ի սպառ բացակայութեան պայմաններուն մէջ: Հայաստանի կողմէ յատուկ բանագնացի ընտրութիւնն ալ կը յուշէ, որ հայկական կողմը ըստ էութեան կը մասնակցի արդէն իսկ կանխորոշուած գործընթացի մը, որուն հնարաւորինս հայանպաստ վերջնարդիւնքի ապահովման համար արհեստավարժ դիւանագէտի ընտրութեան կարիք չզգացուիր:

Այս պայմաններուն մէջ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն ՀՀ իշխանութիւններէն կը պահանջէ․

  1. Անմիջապէս քօղազերծել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ուղենիշները.
  2. Անուանապէս եւ ամբողջութեամբ մերժել թրքական նախապայմանները.
  3. Քաղաքական շեշտադրում ընել առ այն, որ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կապակցուած չի կրնար ըլլալ որեւէ երրորդ կողմի հետ:

Հարկ կը համարենք յատուկ ընդգծել, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ անառարկելիօրէն պէտք է հաշուի առնուի ՀՀ Սահմանադրական դատարանի` Զիւրիխեան արձանագրութիւններու սահմանադրականութեան հարցին վերաբերեալ 2010 թուականի Յունուար 12-ի որոշումը. ՀՀ-ի բոլոր քայլերը պէտք է ներդաշնակ ըլլան սոյն որոշման մէջ ներկայացուած իրաւական դիրքորոշումներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած սահմանադրական կարգի հիմնարար սկզբունքներուն:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու կանխորոշումը ոչ մէկ իշխանութեան մենաշնորհն է: Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրնան կարգաւորուիլ միայն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի համախոհութեամբ, առանց թրքական նախապայմաններու եւ մեր սերունդներու իրաւունքներու ոտնահարման:

Հետեւաբար պէտք է պատրաստ ըլլալ համահայկական ընդվզման, եթէ ՀՀ իշխանութիւնները փորձեն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնահարման ներկայ դիրքորոշմամբ զարգացնել հայ-թրքական` թշնամիի կողմէ պարտադրուած օրակարգը:

Չենք կրնար չանդրադառնալ նաեւ արցախեան հիմնախնդրի վերաբերեալ ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղցնողին կողմէ պարբերաբար հնչեցուող եւ վերջերս առաւել եւս ինքնախոստովանուած խիստ վտանգաւոր, իրականութիւնը խեղաթիւրող եւ հայկական շահերը ոտնահարող դիրքորոշումներուն, որ կասկածի տակ կը դնէ Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգային ճանաչման հասնելու օրինական իրաւունքը:

Կը վերահաստատենք, որ ՀՀ գործող իշխանութիւններուն կողմէ գրաւոր եւ բանաւոր որեւէ համաձայնութիւն, որ կը խախտէ Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ իրաւական հիմնարար չափանիշները եւ կամ հարցականի տակ կը դնէ Թուրքիայէն հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հատուցումներու պահանջներուն իրաւականութիւնը` ի սկզբանէ առ ոչինչ է:

Հ․Յ․Դ․ Բիւրօ

27 Դեկտեմբեր 2021