Յունաստանի Մէջ ՀՀ Դես­պա­նու­թեան Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը Ազր­պէյ­ճա­նա­կան Ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւա­կան Սանդ­րան­քին Մա­սին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ար­ցա­խը մշտա­պէս հպար­տա­ցած է իր տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող կրօ­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րով` հա­մա­րե­լով զանոնք իր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մա­սը: Ար­ցախ­ցի­նե­րը հո­գա­տար են նաեւ ռու­սա­կան կրօ­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան` յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պան­ման գոր­ծին մէջ:

­Յատ­կան­շա­կան է, որ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան պիւտճէով իւ­րա­քան­չուր տա­րի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պան­ման եւ վե­րա­կանգն­ման նպա­տա­կով նա­խա­տե­սո­ւած են ծախ­սեր, քա­նի որ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեան, ու­սում­նա­սիր­ման ու օգ­տա­գործ­ման բնա­գա­ւա­ռը Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի կա­րե­ւո­րա­գոյն եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ո­լորտ­նե­րէն է: ­Ռու­սա­կան ­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին կը գտնուի Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Մար­տու­նի շրջա­նի ­Գէոր­գա­ւան տե­ղա­մա­սին մէջ: Ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցո­ւած է ա­ւե­լի քան 100 տա­րի ա­ռաջ՝ ­Ռու­սիայէն ներ­գաղ­թեալ­նե­րու կող­մէ: Անիկա կրա­քա­րով է, ար­տա­քնապէս դեղ­նա­ւուն: Ու­նի եր­կու մուտք, ո­րոնք կը բաց­ուին ա­րեւմ­տեան եւ հիւ­սի­սա­յին կող­մե­րէն: ­Պա­տու­հան­նե­րուն թի­ւը եր­կու տաս­նեա­կէն ա­ւե­լի են: Ե­կե­ղե­ցւոյ ծխա­կան­նե­րը ե­ղած են ռուս վե­րաբ­նա­կիչ­նե­րը: 1989 թո­ւա­կա­նին մեկ­նար­կե­ցին ե­կե­ղե­ցւոյ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք ընդ­հա­տո­ւե­ցան՝ կապո­ւած Ազրպէյճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած յարձակման հետ, ո­րուն ժա­մա­նակ ե­կե­ղե­ցին կրկին կրած է մեծ վնաս­ներ։ ­Մին­չեւ 2020 թո­ւա­կա­նի պա­տե­րազ­մին սկիզբը՝ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը մշա­կէր ե­կե­ղե­ցւոյ վե­րա­կանգն­ման նա­խա­գիծ եւ հո­վա­ն­աւոր կը փնտռէր՝ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը սկսե­լու հա­մար։ Այս­պի­սով, ոմն Ա­նաս­թա­սիա ­Լաւ­րի­նա­յի՝ https://www.youtube.com/watch?v=oADb5_8EAZ4&t=80s ու ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Ազրպէյճա­նի դես­պա­նու­թեան կող­մէ յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ` Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող ռու­սա­կան ուղ­ղա­փառ կրօ­նա­կան ժա­ռան­գու­թեան նկատ­մա­մբ հայ­կա­կան կող­մի իբր «ոտնձ­գու­թիւն­նե­ր»ուն մա­սին տա­րա­ծո­ւող քա­րոզ­չա­կան նիւ­թը կը հան­դի­սա­նայ հեր­թա­կան սադ­րիչ, ան­հիմն եւ կեղծ ա­պա­տե­ղե­կա­տ­ւու­թիւ­նը. անիկա նպա­տակ ու­նի հա­յե­րուն հանդէպ ա­տե­լու­թիւն տա­րա­ծե­լով փոր­ձել խարխ­լել եւ սեպ խրել ­Հա­յաս­տա­նի ու իր բա­րե­կամ­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ: Մ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րը դի­տա­ւո­րեալ ոչն­չաց­նող եր­կի­րը կը փոր­ձէ ան­հիմն մե­ղադ­րանք­նե­րով քօ­ղար­կել իր իսկ կող­մէն ի­րա­կա­նա­ցո­ւած բազ­մա­թիւ վան­տա­լութեան դէպ­քե­րը։

Այս առիթով հարկ է նշել, որ Դեկ­տեմ­բե­ր 7-ին ՄԱԿ-ի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նը «­Ռա­սա­յա­կան խտրա­կա­նու­թեան բո­լոր ձե­ւե­րու վե­րաց­ման մա­սին» մի­ջազ­գա­յին համաձայնագրի ծիրէն ներս քննո­ւող ­Հա­յաս­տանը ընդ­դէմ Ազրպէյճա­նի գոր­ծին ծիրէն ներս ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ազրպէյճա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած հրա­տապ մի­ջոց­ներ կի­րա­ռե­լու վե­րա­բե­րեալ հրա­պա­րա­կեց ո­րո­շում­ներ: Ի թիւս այլ մի­ջոց­նե­րի, դա­տա­րա­նը ՊԱՐՏԱՒՈՐԵՑՈՒՑԱԾ է Ազրպէյճա­նին նախ՝ «ձեռ­նար­կել բո­լոր անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը՝ կան­խե­լու հա­յե­րը թի­րա­խա­ւո­րող ռա­սա­յա­կան ա­տե­լու­թեան եւ խտրա­կա­նու­թեան հրահ­րու­մը եւ խթա­նու­մը, նե­րա­ռեալ՝ Ազր­պէյճա­նի պաշ­տօ­նեա­նե­րու եւ պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ»։ ­

Միւս կող­մէ՝ դա­տա­րա­նը կը պար­տա­ւո­րեց­նէ Ազրպէյճա­նին «ձեռ­նար­կել բո­լոր անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը՝ կան­խե­լու եւ պատ­ժե­լու վան­տա­լութեան ու պղծման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ ուղ­ղո­ւած հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, նե­րա­ռեալ՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ այլ պաշ­տա­մուն­քի վայ­րե­րու, յու­շար­ձան­նե­րու, տե­սար­ժան վայ­րե­րու, գե­րեզ­մա­նատ­նե­րու եւ ար­տե­ֆակ­տե­րու դէմ»:

Ի հե­ճուկս Ար­դա­րա­դա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նի ո­րո­շում­նե­րուն՝ Ազրպէյճա­նի պաշ­տօ­նեա­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն թի­րա­խա­ւո­րո­ւած ռա­սա­յա­կան ա­տե­լու­թեան տա­րա­ծու­մը եւ ո­րե­ւէ քայլ չեն ձեռ­նար­կեր դա­դ­րեց­նե­լու հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ոչն­չա­ցու­մը։