­Յունաստանէն Բժշկական Օգնութիւն Արցախի Մանուկներուն եւ Կիներուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կնախտաբան բժիշկ ­Սո­ֆիա Իվա­նի­տու, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի հետ գոր­ծակ­ցե­լով, եւ Frezyderm ըն­կե­րու­թեան բա­րի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ, Ար­ցախ փո­խադ­րեց կենսանիւթեր եւ ­ման­կա­կան ու կա­նանց հա­մար ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նիւ­թեր։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

­16 եւ 17 Դեկ­տեմ­բե­րին, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան Ար­ցա­խի գրա­սե­նեա­կէն ներս, բժիշկու­հին ­Յու­նաս­տա­նէն տա­րած իր բժշկա­կան օգ­նու­թիւ­նը բաժ­նեց տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դին։

­Սո­ֆիա Ի­վա­նի­տուն բժիշկ-կնախ-տաբան է՝ վե­րար­տադրո­ղա­կան վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան բժշկու­թեան մա­գիստ­րո­սի կո­չու­մով եւ ­երիտասարդ աղջիկներու առողջապահութեան մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գի­տա­ցու­մով։

Ան՝ Աթէնքի «Ա­լեք­սանտ­րա» հի­ւան­դա­նո­ցի գի­տաշ­խա­տող է:

Ծ­նած է Ար­ցա­խի ­Մար­տա­կերտ քա­ղա­քը։ Այժմ կ’ապ­րի Յու­նաս­տան։

44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք իր եր­րորդ այ­ցե­լու­թիւնն էր Ար­ցախ։

Բ­ժիշ­կը Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ կա­տա­րած էր խորհր­դա­տո­ւու­թիւն եւ­ անվճար հե­տա­զօտու­թիւն 40-էն վեր կա­նանց մօտ։ Այդ ըն­թաց­քին ան հաս­տա­տեց, թէ որ­քան անհ­րա­ժեշտ են դե­ղա­մի­ջոց­ներն ու կենսանիւթերը եւ ա­նոնց պա­կա­սը։

­Ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն տի­կին Իվա­նի­տո­ւին՝ Ար­ցա­խի ժո­ղովուր­դին ու­նե­ցած ներդր­ման հա­մար։ Ի­րեն կը մաղ­թենք յա­ռա­տեւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն Frezyderm ըն­կե­րու­թեան իր նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն հա­մար։