Ծանրորդ Անդրանիկ Կարապետեան` Աշխարհի Առաջնութեան Ոսկիէ Մետալակիր

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան, 89 քկ, դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ոսկիէ մետալակիր:

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան մրցումներուն, 89 քիլոկրամ կարգի մրցումներուն, Կարապետեան պոկումի վարժութեան ժամանակ բարձրացուց 175 քկ եւ նուաճեց ոսկիէ մետալ: Սակայն հրումի վարժութեան ընթացքին վնասուածք ստանալով չկրցաւ շարունակել պայքարը:

Ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները կը շարունակուին Թաշկենտի մէջ: