
«Նուիրի՛ր Ուրախ Ամանոր Արցախի Փոքրիկներին»․ ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Նախաձեռնութիւնը
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած է «Նուիրի՛ր ուրախ Ամանոր Արցախի փոքրիկներին» ծրագիրը։ ՀՅԴ ԱԵՄ-ը ԱՀ սահմանամերձ համայնքներու երեխաններուն համար կ՝իրականացնէ ամանորեայ նուէրներու հաւաքագրում՝ նպատակ ունենալով մանուկներուն հետաքրքրական եւ երջանիկ օր պարգեւել։ Այս մասին, ըստ «Ապառաժ»-ի, տեղեկացուցած են ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութենէն։
Ծրագրին կրնան մասնակից դառնալ բոլորը՝ Արցախէն, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։
Արցախի բնակիչները կրնան իրենց պատրաստած նուէրները տանիլ ՀՅԴ ԱԵՄ գրասենեակ (ք.Ստեփանակերտ, Կնունեանցների 17), աշխատանքային օրերուն ժամը 10։00-19։00։
Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն փոխանցումներ կատարելու համար ցանկացողները պէտք է գրեն ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Facebook-ի էջին կամ hyd.youth.artsakh@gmail.com հասցէին։
Նուէրներուն հետ հնարաւոր է ուղարկել նաեւ շնորհաւորական բացիկներ եւ կապի տուեալներ` երեխաներուն հետ անձնական կապ հաստատելու համար։
Փոխանցումներ կատարելու եւ լրացուցիչ այլ հարցերու պարագային կրնաք զանգահարել հետեւեալ հեռախօսահամարներով․ +374 47 943 843, +374 98 201 263