Լոյս Տեսաւ Արա Օշականի «Հատում» Հատորը

Սփիւռք

Փարիզի մէջ հրապարակուեցաւ լուսանկարիչ Արա Օշականի նոր հատոր-ալպոմը՝ «Displaced/Հատում»ը։

Հեղինակը այս առթիւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք յղած է հատորի հրատարակութիւնը նախաձեռնողներուն, մասնաւորապէս՝ Փարիզ ապրող գրող եւ քննադատ Գրիգոր Պըլտեանին, որ «Կամուրջը» գրութեամբ իր մասնակցութիւնը բերած է հատորին։

Սփիւռքի մէջ ինքնութեան հարցերուն նուիրուած Օշականի այս հատորը արգասիքն է Լիբանան կատարած իր շարք մը այցելութիւններուն, որոնց կիզակէտը հայկական Սփիւռքի համար բազմակողմանի արժէք ունեցող Պուրճ Համուտ հայկական աւանն է։