«Արցախի Պատերազմներու Զոհերը Չեն Կրնար Ծառայել Մահմետականութեան եւ Քրիստոնէութեան Միջեւ «Քաղաքակրթական Պատերազմ»-ի Ցնորքներուն. Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն 30 Նոյեմբերին տարածած է մամլոյ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Յառաջիկայ 11-15 Դեկտեմբերին, Էրիք Զեմուր պիտի մեկնի Հայաստան: Այս ճամբորդութիւնը չէզոք նախաձեռնութիւն մը չէ քաղաքական անձնաւորութեան մը կողմէ, որ հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին եւ 1915-ի ցեղասպանութեան ցաւալի պատմութեան անդրադառնալով՝ կը փորձէ հայ համայնքը օգտագործել զուտ իր անձնական նպատակներուն համար: Չսխալինք. անոր զօրակցութիւնը Հայ Դատին եւ Արցախին կը ծառայէ միմիայն պատճառաբանելու՝ իր ցեղապաշտական եւ անխտիր բոլոր մահմետականները դատապարտող հիմնաւորումները («Մեծ Փոխարինում»ը): Չենք կրնար մոռնալ, որ իր մօտիկ բարեկամը, իր խորհրդականն ու իրաւապաշտպանը, նոյնինքն Օլիվիէ Փարտօն է, Ազրպէյճանի փաստաբանը, որ իրաւական գործողութիւններ վարեց՝ ընդդէմ Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներու միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան համաձայնագրերուն: Օլիվիէ Փարտօ միաժամանակ Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան աշխոյժ միջնորդ՝ Մաքսիմ Կուէնի փաստաբանն է:

Յիշեցնենք, որ Էրիք Զեմուր դէմ արտայայտուած է այսպէս կոչուած «Յիշողութեան» օրէնքներուն, կը նշանակէ նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ կը մերժէ օտար անուններու անուանակոչումը, հետեւաբար՝ հայկական անուններ տալ մեր զաւակներուն:

1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի պատերազմներու զոհերը չեն կրնար ծառայել մահմետականութեան եւ քրիստոնէութեան միջեւ «քաղաքակրթական պատերազմ»-ի ցնորքներուն:

ՀՅԴ չ՚ընդունիր, որ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը, մեր Սփիւռքն ու Հայաստանի ժողովուրդը օգտագործուին ու ծառայեն ցեղապաշտական եւ գերակայական շահերու»: