
Ազրպէյճանցիները Կրակած են Ջրատար Մեքենայի Ուղղութեամբ. ՊՆ
Դեկտեմբեր 8-ին, Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի թիկունքային ապահովման (ջրատար) մեքենայի ուղղութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Ըստ աղբիւրին՝ տուժածներ չկան։