Էրտողանի Կուսակցութեան Փոխնախագահը Խօսած է Հայաստանէն Ունեցած Սպասելիքներուն Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշը Պոլսոյ մէջ Ազրպէյճանի իշխող «Եէնի Ազրպայճան» կուսակցութեան փոխնախագահ եւ գործադիր մարմնի ղեկավար Թահիր Պուտաքովի հետ հանդիպման ընթացքին խօսած է 44-օրեայ պատերազմի, ներկայ իրավիճակի ու Հայաստանէն ունեցած սպասելիքներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Milliyet.com.tr-ը։

Ան մասնաւորապէս ըսած է.

«Մենք կ՝ուզենք, որ Հայաստանը Կովկասի խաղաղութեան աջակցի ոչ թէ հայկական լոպպիի ցոյց տուած ուղղութեամբ, այլ Հայաստանի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի շահերուն համապատասխան: Որովհետեւ Ֆրանսայի ու ԱՄՆ-ի ու այլ վայրերու հայկական լոպպիի ուղղութիւնը այլ է, Հայաստանի իրականութիւնը՝ այլ: Այս տեսանկիւնէն ակնյայտ դարձած է, որ որոշ կայսերապաշտ երկիրներու կողմէ Կովկասը իրար խառնելու նպատակով՝ Հայաստանին ցոյց տուած աջակցութիւնը ոչ մէկ արդիւնք տուած է:

Ուստի, Ազրպէյճանի կողմէ օրակարգ բերուած, նաեւ մեր նախագահին կողմէ Պաքու այցին ընթացքին յայտարարուած Կովկասի 6 տարածաշրջանային երկիրներու՝ իրենց հարցերը լուծելու համար հարթակի հիմնումը կարեւոր քայլ է՝ ուղղուած բոլոր երկիրներու բարօրութեան ու տարածաշրջանի ապագային եւ կայունութեան»: 

Քուրթուլմուշը նաեւ խօսած է պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանին Թուրքիոյ ցուցաբերած բազմակողմանի աջակցութեան ու անկէ ետք շարունակուող աննախադէպ համագործակցութեան մասին՝ շեշտելով, որ ատոր իբրեւ արդիւնք 2 երկիրներուն յարաբերութիւնները բարձրացած են նոր մակարդակի: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ «Շուշիի հռչակագրի» ստորագրումով ալ 2 երկիրներուն յարաբերութիւններուն մէջ բացուած է նոր շրջան: