
Ազրպէյճանական Սադրանքները Կը Շարունակուին Թեսաղոնիկէի Մէջ
Օրեր առաջ հաղորդած էինք, թէ յունահայութեան անմիջական հակազդեցութեան շնորհիւ, կասեցուած էր Ազրպէյճանի կողմէ հակահայ քարոզչական սադրանքներու արշաւը Թեսաղոնիկէի հանրակառքերուն վրայ, որոնք ցոյց կու տային բռնագրուած Շուշին որպէս ազրպէյճանական քաղաք։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ Օր»-ը։
Դժբախտաբար, հակառակ մեր անմիջական միջամտութեան եւ նոյնիսկ յոյն ժողովուրդին ու պաշտօնական շրջանակներուն մէջ յառաջացած ընդվզումին, այս անգամ քարոզչական նոր սադրանք մը երեւան ելաւ Թեսաղոնիկէի Սթաւրուփոլի քաղաքապետութեան հանրակառքերու կանգառի մը վրայ, ուր տեղադրուած էր նոր նկար մը, որուն մէջ կ՚երեւի Լաչինի ճամբան եւ յունարէն ու ազրպէյճաներէն լեզուներով արձանագրուած է «Լաչին, դէպի Շուշի-Ազրպէյճան տանող ճամբան»։
Այս անգամ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամները գտնուեցան կանգառի վայրը եւ նկարը պատեցին Արցախի «Պապիկին ու Մամիկին» յուշարձանի նկարներով ու Երիտ. Միութեան զինանշանով։
Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Երիտ. Միութիւնը ընկերային ցանցերու էջերէն դատապարտեցին Յունաստանի մէջ ազրպէյճանական կազմակերպութիւններու հակահայ քարոզչական սադրանքները։ Անոնք կը նշեն, թէ թոյլ պիտի չտան՝ յոյն-ազրպէյճանական բարեկամութեան անունին տակ, մրոտել հայերու պատիւը։
Մասնաւորաբար, Երիտ. Միութեան անդամները կը վստահեցնեն, թէ նմանօրինակ անընդունելի արարքներու կրկնումին առջեւ, անոնք պիտի հակազդեն ամէն միջոցներով։