Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի Ջանքերով Վերակազմուեցաւ Եւրոպայի Խորհրդարանին Մէջ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

9 Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ վերակազմուեցաւ Եւրոպայի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը: Ձեռնարկին ընթացքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործունէութեան գլխաւոր նպատակներէն է՝ ընդլայնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարեկամներու շրջանակը` համագործակցելով Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմի հետ` ի նպաստ հայոց պետական շահին եւ արդարութեան:

Ինչպէս Եւրոպայի խորհրդարանի նախորդ երկու օրէնսդրական շրջաններուն, այս անգամ եւս Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմին զուգահեռ աշխոյժ աշխատանք տարած էր Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի կայացման ուղղութեամբ: Եւրոպայի խորհրդարանի բոլոր գլխաւոր խմբակցութիւններու պատգամաւորներէն բաղկացած բարեկամութեան խումբի նախագահն է Լուքաս Ֆուրլաս (Կիպրոս, Եւրապական ժողովրդական կուսակցութիւն)․ Հայ Դատի Երոպայի գրասենեակը կ՛ակնկալէ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն եւրոպացի պատգամաւորներուն հետ: