
Արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Անդամները Զգուշացուցին Դեսպան Մակունցը
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5-ին, արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական Վարչութենէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ նորանշանակ դեսպան եւ վարչապետ Փաշինեանի հլու կամակատար՝ «Իմ Քայլ»-ական Լիլիթ Մակունցի հետ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հայրենիք»-էն։
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար հետեւեալ երիտասարդականներէն՝ Վրէժ Տաուլի (Շիքակոյի «Արարատ» մասնաճիւղ, ատենապետ) եւ Ուաշինկթընի «Անի» մասնաճիւղէն՝ Սոսի Պուրուճեան, Ալեք Մանուկեան, Արամ Պալեան եւ Սիփան Օհաննէսեան:
Պատուիրակութեան անդամները դեսպան Մակունցին պաշտօնապէս յայտնեցին իրենց լուրջ մտահոգութիւնը, վարչապետ Փաշինեանի կատարած անխոհեմ զիջումներուն Արցախի եւ յատկապէս Զանգեզուրի միջանցքի առնչութեամբ, որ Ատրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ:
«Եռակողմ համաձայնագիրը խաղաղութիւն չհաստատեց եւ պիտի չհաստատէ, այլ ընդհակառակը աւելի պիտի վատթարացնէ կացութիւնը: Մենք, երիտասարդներս կը մերժենք նմանօրինակ ապակառուցողական քաղաքականութիւն, որ մեզի կը տանի դէպի անդունդ եւ կործանում»,- յայտնեց Վրէժ Տաուլի։
Այս պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր Արեւելեան ԱՄՆ-ի ՀՅԴաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Անի Չաղլասեան:
Նշենք, թէ Երեքշաբթի Նոյեմբեր 9-ին, արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը կազմակերպած է բողոքի ցոյցեր՝ Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի եւ Շիքակոյի մէջ: