
Ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան՝ Աշխարհի Մ23 Առաջնութեան Յաղթող
Ազատ ոճային ըմբիշ, 61 քկ քաշային Արսէն Յարութիւնեան Սերպիոյ մէջ ընթացող աշխարհի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան եզրափակիչին գօտեմարտած է ռուս Արթուր Չեպոտաեւի հետ եւ 11-7 հաշուով փայլուն յաղթանակ տարած՝ նուաճելով երիտասարդներու ԱԱ-ի ոսկէ մետալը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armsport.am-էն։
Աւելի շուտ, 125 քկ քաշային Մարթին Սիմոնեան սփոփիչ գօտեմարտին 5։2 հաշուով յաղթած է ալպանացի մրցակիցին եւ պիտի պայքարի պրոնզէ մետալի համար։ Պրոնզէ մետալի համար պիտի պայքարի նաեւ 74 քկ քաշային Հրայր Ալիխանեան։
Իսկ 86 քկ քաշային Մհեր Մարկոսեան սփոփիչ գօտեմարտին 0։4 հաշուով պարտուած է թուրք մրցակիցը։ Մհերը Հայաստանի հաւաքականի միակ ըմբիշն է, որ այս առաջնութեան դուրս մնաց մետալի համար պայքարէն։