«Հեքիաթների Աշխարհում» Խորագիրով Ցուցահանդէս «Նարեկացի» Կեդրոնէն Ներս

Այլեւայլ, Հայաստան

«Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ, Նոյեմբեր 1-ին, տեղի ունեցաւ ՀԱՍԵ Արագածոտնի Թեմի Աշտարակի «Սուրբ Մարիանէ» ընկերային կեդրոնի եւ Սաղմոսավանի Հայորդաց տան կանանց եւ երեխաներու գեղանկարներու եւ ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Նարեկացի» արուեստի միութեան Facebook-ի էջէն։

«Այս ցուցադրութիւնը առանձնայատուկ է այն առումով, որ առաջին անգամ կը ցուցադրենք համատեղ աշխատանքի արդիւնք, ուր իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են մասնագէտներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ երեխաներ: Շատ կարեւոր է նկատել, որ այս ձեռնարկը արուեստի միջոցով ճաշակ, բնապահպանական մշակոյթ, բնութեան տուած բարիքները պահպանելու գիտակցում կը սերմանէ»,-նշեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան ցուցահանդէսներու պատասխանատու Տաթեւիկ Համբարձումեանը:

«Հեքիաթների աշխարհում» խորագիրը կրող ձեռնարկին՝ ներկաները մասնակից եղան նաեւ «Անառակ որդիի վերադարձը» թատերական ներկայացման ցուցադրութեան: «Մեր ցուցադրութեան նպատակն է հանրութեան ներկայացնել «Սուրբ Մարիանէ» կեդրոնի գործունէութիւնը, ցոյց տալ, որ կեանքի իւրաքանչիւր փուլին եւ տարիքին մարդ կրնայ ստեղծագործել եւ զարգացնել իր հմտութիւնները»,- իր ելոյթին մէջ նշեց ձեռնարկի կազմակերպիչ Կարինէ Գրիգորեան։

Արագածոտնի Թեմի կեդրոններու հովանաւորներ՝ ԵՀԽ Կլոր սեղան հիմնադրամ եւ UMCOR ARMENIA հիմնադրամ

Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Նոյեմբեր 5: