
Համախմբուինք Մեր Հողերը Թշնամիին Զիջելուն Դէմ. Ֆրանսահայերը Բողոքի Ցոյց Պիտի Իրականացնեն
Ֆրանսայի մէջ, Նոյեմբեր 8-ին, տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց՝ հայկական հողերը թշնամիին զիջելուն դէմ: Այս մասին ըսուած է «ՀՅԴ Նոր Սերունդ»-ի տարածած յայտարարութեան մէջ:
«44-օրեայ պատերազմի աւարտի մէկամեայ տարելիցի շեմին՝ կը հրաւիրենք հանդիպման՝ Փարիզի մէջ ՀՀ դեսպանատան առջեւ: Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան, յանուն Արցախի, յանուն Սիւնիքի, յանուն հայ ժողովուրդի եւ յանուն հայրենի հողը պաշտպանելու ընթացքին զոհուած մեր զինուորներուն։ Մենք դէմ ենք մեր հողը թշնամիին զիջելուն եւ մեր Դատը վաճառքի հանելուն:
Ազրպէյճանի հետ նոր համաձայնագրի ստորագրման մասին լուրերը մտահոգիչ են, եւ մենք պէտք է լիարժէք համախմբուինք։ Մեր զինուորները, իրենց կեանքը վտանգելով, հողը չեն պաշտպանած, որպէսզի յետոյ կառավարութիւնը նորանոր զիջումներ ընէ:
Կը հանդիպինք Երկուշաբթի` Նոյեմբեր 8-ին, ժամը 18:00-ին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: