Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իրականացուցած Հասարակ Ոճրագործներուն Մասին Առցանց Բանախօսութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրած գլխաւոր դերակատարներուն եւ Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած դիւանակալներուն դերակատարութեան մասին Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին տեղի ունեցած բանախօսութիւններէն ետք, շարքին երրորդը, որ նուիրուած է Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած հասարակ ոճրագործներու դերին՝ տեղի պիտի ունենայ 12 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ։

Շարքին բանախօսն է՝  Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի այցելու դասախօս դոկտ. Սուրէն Մանուկեան։

Առցանց քննարկումը կազմակերպուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կողմէ։

Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը։