
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի Յայտարարութիւնը Օտարերկրեայ Որոշ Գործիչներու Հակահայ Յայտարարութիւններուն Վերաբերեալ
Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ազրպէյճանա-թրքական յարձակման արդիւնքը ազած է ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան քաղաքական վարքին, այլ նաեւ օտարերկրեայ որոշ շրջանակներու վրայ, որոնք, խեղաթիւրելով ու նենգափոխելով արցախեան հիմնախնդրի էութիւնը, հանդէս կու գան միակողմանի յայտարարութիւններով։ Այդ յայտարարութիւնները գրեթէ բացարձակ նոյնութեամբ կը կրկնեն ազրպէյճանական պետական դիրքորոշումները։
Ցաւալի է, որ պատերազմական յանցագործութիւններով յայտնի եւ ինքնորոշուող ժողովուրդի նկատմամբ յարձակում իրականացուցած կողմի պաշտպանութեան լծուած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ պետութիւններու մէջ կարեւոր հանգամանքներ զբաղցնող կամ զբաղցուցած պետական ու կրօնական գործիչներ։ Մասնաւորապէս՝ խստօրէն կը դատապարտենք Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի պատրիարքարանի արտաքին եկեղեցական կապերու բաժինի ղեկավար միթրոփոլիտ Իլարիոնի եւ Մինսկի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիւ Պրայզայի խնդրայարոյց յայտարարութիւնները։ Վերջինս տեւական ժամանակահատուած է, որ իր առօրեայ գործունէութեամբ ու անձնական հետաքրքրութիւններով կը գտնուի ազրպէյճանական եւ թրքական շրջանակներու տրամադրութեան տակ։ Հետեւաբար, Պրայզայի հակահայ յայտարարութիւնները այդքան զարմանայարոյց չէին, որքան Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականի յայտարարութիւնը՝ Արցախի փոքր հատուածի՝ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուելու ժամանակաւոր բնոյթին մասին։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները կը չափուին հարիւրամեակներով, ու թէեւ ժամանակ առ ժամանակ արձանագրուած անախորժ միջադէպերուն, ի պատիւ մեր հոգեւոր հայրերուն, հնարաւոր եղած է փոխադարձ յարգանքի եւ արժեւորման միջավայրի մէջ շտկել խնդիրները։ Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի քոյր եկեղեցւոյ հայրերէն ակնկալելու նուազագոյնը անկողմնակալ դիրքորոշում։ Լիայոյս ենք, որ միթրոփոլիտ Իլարիոնի յայտարարութիւնը որեւէ աղերս չունի ռուսական եկեղեցւոյ պաշտօնական դիրքորոշման հետ։
Ակնյայտ է, որ ազրպէյճանական կողմը, միջազգային սաստկացող ճնշումներէն եւ վերահաս պատիժի անխուսափելիութեան հեռանկարէն, ձեռնամուխ եղած է իր արարքներու միջազգային օրինականութեան պատրանքի ձեւաւորման` այդ գործին մէջ փորձելով ներառել հնարաւորինս հնչեղ անուններ։
Միջազգային ամենատարբեր գործընկերներէն եւ հոգեւոր կառոյցներու պետերէն կ՝ակնկալենք իրենց իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ կանխել կարեւոր հանգամանքներ զբաղցնող անձերու ներգրաւումը ազրպէյճանական քարոզչամեքենային մէջ։
Արտաքին գործընկերները մեր ժողովուրդի հանդէպ իրենց քաղաքականութիւնը պէտք չէ պայմանաւորեն` մեկնելով մեր երկրի անցողիկ դժուարութեամբ կամ Հայաստանի իշխանութիւններու կեցուածքով։ Մեր ժողովուրդը իր պատմութեամբ քանիցս ապացուցած է ծանրագոյն դժուարութիւնները յաղթահարելու՝ իր ունակութիւնը։
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախմբերն ու գրասենեակները ամբողջ աշխարհի մէջ կը շարունակեն ուշի ուշով հետեւիլ յընթացս զարգուցումներուն, պետական կառոյցներու եւ անհատ գործիչներու յայտարութիւններուն։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
26.10․2021 թ.