
Մոմավառութիւն՝ Արցախեան 44-օրեայ Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ Դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբի, Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 21-ի երեկոյեան ժամը 6։30-9։30, Ն. Ջ. Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով տեղի ունեցաւ ժողովրդական մոմավառութիւն՝ նշուած պատերազմի ընթացքին զոհուած քաջարի հայորդիներու յիշատակին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։
Երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Սպահանի հայոց թեմի ազգային մարմիններու եւ շրջանի Հայ Դատի յաձնախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սիփան. Ս. Եպս. Քէչէճեանի, իրենց վառուած մոմերը տեղադրեցին՝ զոհուածներու յիշատակին։ Այնուհետեւ, ներկաներու միասնական կատարումով հնչեց Տէրունական աղօթքը, որուն յաջորդեց Սրբազան Հօր պատգամը։
Սրբազան Հայրը զոհուած հայորդիներու պայքարի շարունակելը համայն հայութեան պարտքը համարելով՝ աւելցուց. «Եթէ չշարունակենք այդ պայքարը, դաւաճանած կ՝ըլլանք մեր զոհերուն, իսկ հակառակ պարագային անոնք երկնքի մէջ բարեխօսներ կը հանդիսանան մեզի համար, որպէսզի մեր աստուածահաճոյ երթը աւարտի հզօր հայրենիքի կերտումով եւ կորսնցուցած հողերու եւ իրաւունքներու վերականգնումով։
Աւարտին, յանուն թեմի եկեղեցականաց դասի, ժողովականութեան ու ժողովուրդի, Սրբազանը ցաւակցական խօսք ուղղեց աշխարհասփիւռ հայ ազգին եւ մխիթարութիւն ցանկացաւ զոհուածներու սգակիր հարազատներուն։
Յաջորդ օրը, վառուած մոմ տեղադրելով, իր յարգանքի տուրքը մատուցեց նաեւ՝ Իրանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր շրջանաւարտ դեսպան Արտաշէս Թումանեանը՝ ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ եւ թեմի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու։ Հարկ է նշել, որ պրն. Թումանեանը Նոր Ջուղա ժամանած էր հրաժեշտի այցով։