«Այնթապի Հայերը» Նիւթով Առցանց Բանախօսութիւն

Աշխարհ, Սփիւռք

Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ «Այնթապի Հայերը»  նիւթով առցանց բանախօսութիւնը։

Նիւթը պիտի ներկայացնէ դոկտ․ Ումիթ Քիւրթ, որ հեղինակն է The Armenians of Aintab: The Economics of Genocide in an Ottoman Province հատորին։

Ներկայացումին հետեւելու համար այցելել https://bit.ly/armenianstudieskurt կայքէջը, իսկ Հայագիտական ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ https://fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը։