ՀՅԴ Սուրիոյ ՊՄ «Մեղրի» Երգչախումբը Հանդէս Եկաւ Ազգային-Յեղափոխական Երգերով

Սփիւռք

Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Հալէպի
«Գ.Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պատանեկան «Մեղրի» երգչախումբի համերգը՝ մասնակցութեամբ աւելի քան 70 պատանիներու: Համերգը, որ կազմակերպուած էր Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան ընդհանուր վարիչ մարմնին կողմէ, հովանաւորեց Բերիոյ հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս Զուպուեան։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Գանձասար»-էն։

Անոնք ներկայացուցին ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգեր։