Արցախի Վէրքը Բացուած է եւ Կարգավիճակի Հարցը Պէտք է Յստականայ, որ Սադրանքները Չշարունակուին․ Վահրամ Բալայեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արցախի մէջ ազրպէյճանցիներուն սադրանքները, ժողովուրդը անընդհատ լարուածութեան մէջ պահելը կը վկայեն, որ Արցախի կարգավիճակին շուրջ բանակցութիւնները պէտք է աշխուժացուին։ Այս մասին, Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան։

Խօսելով Արցախի Նոր Շէն համայնքի դիրքապահներուն վրայ ազրպէյճանական զինուած ուժերու կրակոցներուն եւ հայ 6 դիրքապահ վիրաւորելուն մասին՝ ան ըսած է, որ ատիկա, ցաւօք, շարունակական բնոյթ պիտի ունենայ, որովհետեւ ատիկա ազրպէյճանցիներուն ձեռագիրն է՝ ստեղծել իրավիճակներ, երբ արցախցին իր հայրենիքին մէջ նպատակայարմար չգտնէ շարունակել ապրիլ։

Ասիկա, անոր համոզումով, միւս կողմէն ալ մարտահրաւէր է ռուս խաղաղապահներուն, որ՝ ինչպէս ուզեն, այնպես ալ կը վարուին։

«Նոյնիսկ Մարտակերտի մէջ կատարուած խաղաղ հայ բնակիչին սպանութիւնը ռուս զինուորի անմիջական ներկայութեամբ էր․ այդպիսով կ՝ուզեն ըսել, որ մենք այդպէս կ՝ուզենք, այդպէս ալ կ՝ընենք։ Այս է իրականութիւնը, եւ տեղ մը, մանաւանդ Արցախի մէջ ապրող մարդոց համար նոր գործելաոճ չէ ասիկա, որ անակնկալի գանք կամ զարմանանք այդ կատարուածէն»,- ըսած է Արցախի ԱԺ պատգամաւորը։

Նոր Շէնի մէջ ազրպէյճանցիներու սադրանքի պատճառներէն մէկն ալ, անոր համոզումով, խաղաղապահներու դերակատարութիւնը նսեմացնելն է, ցոյց տալը, որ անոնք չեն կրնար իրենց դերը արդիւնաւէտ կատարել եւ, ընդհանուր առմամբ, այդ տարբերակով ստեղծել այնպիսի անհանգիստ իրավիճակ մը, երբ ռուսական եւ հայկական կողմերը յայտնուին անելանելի իրավիճակի մէջ։

Ազրպէյճանցիները թիրախաւորած են հայ դիրքապահները, որոնք կը պահեն խաղաղ հայ բնակիչներու անվտանգութիւնը․ ասիկա եւս, ըստ Վահրամ Բալայեանի, Ազրպէյճանի պահանջներուն ծիրին մէջ է՝ անոնք մշտապէս ամէն ինչ ըրած են, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը գոյութիւն չունենայ։ Միւս անոնց պահանջը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը զինուորական ներկայութիւն չունենայ Արցախի մէջ, արդէն հայկական կողմը բաւարարած է։ Ընդհանուր առմամաբ, ասոնք քայլեր են՝ Արցախի ժողովուրդը ձգելու անպաշտպան իրավիճակի մէջ, որ անկէ ետք ինչ ուզեն, այնպէս ալ ընեն։