Ազրպէյճանական ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կրակած Են Երասխ Գիւղին Ուղղութեամբ (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 15-ին՝ ժամը 15։00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները կրակած են Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի, մասնաւորապէս՝ Երասխ գիւղի, եւ այդ հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով այրած են գիւղի բնակիչներէն մէկուն անասնագոմն ու խոտի դէզերը։ Այս մասին կը յայտնէ ՊՆ-ն։

ՀՀ ԶՈւ անձնակազմի եւ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ տուժածներ չկան։