Վանաձորցի Հրշէջ-փրկարարը Համաշխարհային Նոր Ցուցանիշ Սահմանած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Վանաձորցի հրշէջ-փրկարար Զօրիկ Պօղոսեան սահմանած է հերթական ցուցանիշը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱԻՆ մամուլի ծառայութենէն։

Ուժային եռամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի 30-ամեայ ախոյեանը 170 քկ ծանրաձողը ուսերուն վրայ, նստած դիրքով քալած է 2 մեթր, կրցած է բարձրանալ, 9 անգամ կրկին կքանստիլ եւ կրկին բարձրանալ:

Զօրիկը Դիւցազնագրքի եւ համաշխարհային այս ցուցանիշը սահմանած է հայրենի քաղաքին մէջ՝ Վանաձոր, նորակառոյց մարզադպրոցի բացման արարողութեան ժամանակ։

Յատկանշական է, որ այս արդիւնքով Զօրիկը գերազանցած է թուրք մարզիկի նախապէս սահմանած ցուցանիշը: Իր այս ցուցանիշը ան նուիրած է 44-օրեայ պատերազմին անմահացած իր սան Մհեր Քոչինեանի եւ միւս հերոսներու յիշատակին։