«Նախիջեւանէն Դասեր․ Արցախի Ժառանգութեան Սպառնացող Վտանգի Գնահատումը» Նիւթով Առցանց Բանախօսութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 21 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ «Նախիջեւանէն դասեր․ Արցախի ժառանգութեան սպառնացող վտանգի գնահատումը» նիւթով առցանց բանախօսութիւն։

Նիւթը պիտի ներկայացնէ Սիմոն Մաղաքեան, որ մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Նախիջեւանի հայկական պատմական գերեզմանատան բնաջնջումը:

Ներկայացումին հովանաւորն է «Քլարա Պուսեան Պետրոսեան» հիմնադրամը։

Արձանագրուելու համար այցելել https://bit.ly/armenianstudiesmaghakyan կայքէջը, իսկ Հայագիտական ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ https://fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը։