Վերաօծուեցաւ Նինոծմինդայի Ս. Յակոբ Եկեղեցին
Սեպտեմբեր 5-ին, հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ, դռնբացէքի արարողութեամբ եւ Սուրբ միւռոնի զօրութեամբ վերաօծուեցաւ Նինոծմինդայի շրջանի Փոքր Խանչալի գիւղի 19-րդ դարու կառոյց Սուրբ Յակոբ եկեղեցին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Alig.ge-էն, որ կը վկայակոչէ վիրահայոց թեմի մամուլի հաղորդագրութիւնը։
«Եկեղեցւոյ վերաօծման սրբազան արարողութիւնը կատարուեցաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մերձբալթեան երկիրներու թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տեր Վարդան եպիսկոպոս Նաւասարդեանի ձեռամբ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ հոգեշնորհ Տէր Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի կողմէ՝ Նինոծմինդայի շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Արմաշ քահանայ Պօղոսեանի մասնակցութեամբ:
Հինաւուրց եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքները իրականացուած էին ծնունդով փոքր խանչալցի, այժմ ռուսաստանաբնակ բժիշկ Արտակ Իսպիրեանի բարեգործութեամբ: Բարերարին խօսքերով՝ նպատակը եղած է պահպանել հինաւուրց եկեղեցին եւ գիւղի բնակչութեան ընձեռել աղօթելու, եկեղեցական ծէսերուն մասնակցելու, պսակ, մկրտութիւն եւ կրօնական այլ արարողութիւնները բարեկարգուած եկեղեցւոյ մէջ իրականացնելու հնարաւորութիւն:
Շնորհաւորելով գիւղի բնակչութիւնը, բարերարն ու անոր ընտանիքը՝ նորացուած եւ գեղեցկացած եկեղեցի ունենալու համար, հոգեւոր ծառայողներու կողմէ հնչեցին նաեւ օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքեր Հայոց եկեղեցւոյ պատուիրաններով, Ամենազօր Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի խոր հաւատքով ապրելու պատգամով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
