Հայ Գերիները Խոշտանգելու Վերաբերեալ ՄԻՊ-ի Արտահերթ Զեկոյցը Պիտի Ուղարկուի Միջազգային Կառոյցներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Հայ գերիները խոշտանգելու եւ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկելու յստակ ապացոյցներ, բարձր հաւաստիութեամբ փաստեր ներկայացուած են ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի անգլերէնով այս արտահերթ զեկոյցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

«Փաստաթուղթը կը վերաբերի պատերազմական յանցագործութիւններու համար Ազրպէյճանի պատասխանատւութեան: Զեկոյցին հիմնական դրոյթները այսօր հրապարակած ենք ես եւ իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանը՝ ցոյց տալով հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքի, խոշտանգումներու եւ նուաստացումներու փաստերը, այդ արարքներուն համար պատասխանատւութեան մեքենականութիւնները:

«Արտահերթ զեկոյցին մէջ ներկայացուած են նաեւ 2020 թուականի Հոկտեմբեր 20-ին Կովսականի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային խախտումները (հայ զինուորները մեքենայէն կապել ու քաշել, սպաննուած մարդոց ականջները կտրել եւ այլն)։

«Զեկոյցը ունի հետեւութիւնները՝ կապուած Ազրպէյճանի Սահմանապահ ծառայութեան հետ, հիմնաւորող լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, վերլուծութիւններ։ Փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի միջազգային կառոյցներուն, ինչպէս ՀՀ պետական մարմիններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն»,- նշուած է ՄԻՊ զեկոյցին մէջ։