Պաքուէն Հայ Երկու Ռազմագերի Վերադարձաւ Հայաստան
Պաքուէն Երեւան վերադարձած է հայ երկու ռազմագերի։ Այս մասին կը յայտնէ
«Sputnik Արմենիա»-ն:
Ռուսիոյ օդատիեզերական ուժերու՝ զանոնք տեղափոխող օդանաւը ժամեր առաջ վայրէջք կատարած է «Էրեբունի» օդակայանի մէջ:
Ըստ աղբիւրին՝ վերադարձած զինծառայողներն են Արթուր Նալբանդեանն ու Արամայիս Տոռոզեանը։
Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ հայ ռազմագերիներու փոխարէն Երեւանը Պաքուին փոխանցած է Արցախի մէջ պահուող կալանաւորուած ազրպէյճանցի զինծառայող Ճամիլ Պապաեւը, որ Օգոստոս 25-ին ապօրինի հատած էր սահմանը եւ մտած Արցախի Մարտակերտի շրջանի տուներէն մէկը։
