Եթէ Հայաստանը Չյանձնուէր, Մենք Մեծ Կորուստներ Կ՝ունենայինք․ Ալիեւ

Աշխարհ

Եթէ Հայաստանը չյանձնուէր, մենք մեծ կորուստներ կ՝ունենայինք: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը վերջին պատերազմի մասնակիցներու ընտանիքները բնակարաններով ու ինքնաշարժներով ապահովելու արարողութեան ընթացքին։ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներէն քաղելով այս տեղեկութիւնը՝ կը հաղորդէ News.am-ը:

«Նոյեմբեր 10-ի գիշերը Հայաստանը ստորագրեց հաշտութեան ակտը, եւ պատերազմը աւարտեցաւ: Մեզի համար պատերազմի աւարտը բացարձակապէս ողջամիտ էր: Եթէ պատերազմը շարունակուէր, մենք աւելի շատ կորուստներ կ՝ունենայինք: Մենք կրնայինք դժուարութիւններու հանդիպիլ Քելբաջարի եւ Լաչինի ազատագրման հարցով: Այս տարածաշրջանի բնական կլիման, լեռները կրնային խնդիր դառնալ մեզի համար: Նաեւ ձմեռը կը մօտենար»,- ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը։