Օգոստոս 25-ին ՀՀ ԱԺ-ի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերը Պիտի Քննուին. Գլխաւոր Դատախազութիւն

Հայաստան

ՀՀ Գլխաւոր դատախազութիւնը Օգոստոս 25-ին յայտարարութիւն տարածած է Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցած միջադէպերուն վերաբերեալ.

«ՀՀ  ԱԺ 2021 թուականի Օգոստոս 25-ի նիստի տեսագրութիւններուն ուսումնասիրութիւնը առերեւոյթ կը վկայէ ՀՀ ԱԺ առանձին պատգամաւորներու կողմէ օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչի վարքագիծին ոչ յարիր, նիստին ներկայ, ինչպէս նաեւ անոր հետեւող քաղաքացիներու նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքի դրսեւորումներու մասին, որ զուգորդուած է ինչպէս անպարկեշտ արտայայտութիւններ հնչեցնելով, այնպէս ալ բռնութեան գործադրումով՝ խոչընդոտելով ԱԺ բնականոն աշխատանքը:

Վերոգրեալը նկատի ունենալով՝ ՀՀ գլխաւոր դատախազի կողմէ յիշեալ տեսագրութիւնները ուղարկուած են ՀՀ ՀՔԾ ՀՀ Քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 180-181-րդ յօդուածներով սահմանուած կարգով նիւթեր նախապատրաստելու, դէպքին եւ անոր մասնակիցներու արարքներուն իրաւական գնահատական տալու յանձնարարութեամբ»: