Յառաջիկայ Ամիսներուն Նոր Թափ Հաղորդել Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան. ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Օգոստոս 7-ին գումարուած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու առցանց խորհրդակցութիւն։ Խորհրդակցութեան մասնակցած են Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամները, Հայ Դատի տարածաշրջանային գրասենեակներու, աւելի քան 30 երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու պատասխանատուները եւ ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Խորհրդակցական ժողովի հիմնական օրակարգը վերաբերած է Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կողմէ Արցախի շահերու պաշտպանութեան։ Հաշուի առնելով 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած նոր իրավիճակը եւ անցած ամիսներու զարգացումները՝ կատարուած են քաղաքական առաջնահերթութիւններու յստակեցումներ ու մարտավարական ճշգրտումներ, որոնք միտուած են շուրջ մէկ տասնեակի հասնող ուղղութիւններու, իրազեկման (լոպպիստական) գործիքակազմի համալիր կիրառութեամբ առաջ մղելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու օրինական շահերը։

Որոշում կայացուած է յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին նոր թափ հաղորդել Արցախի շահերու պաշտպանութեան՝ ներառեալ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչման, միջազգային յարաբերութիւններու շեշտակի ընդլայնման։ Նպատակադրուած աշխատանք պիտի կատարուի նաեւ Արցախի մէջ հասունցած մարդասիրական (հումանիտար) ճգնաժամի յաղթահարման, բռնագրաւուած տարածքներու մէջ գտնուող մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, ռազմագերիններու եւ քաղաքացիական պատանդներու վերադարձի, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանաթրքական տեղեկատուական սադրանքներու չէզոքացման ուղղութիւններով։

Ներկայիս, առաւել քան երբեւէ, Արցախի մեր հայրենակիցները առարկայօրէն պէտք է զգան համայն հայութեան զօրակցութիւնը՝ ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակի յաղթահարման եւ առաւել քան 30 տարի առաջ սկսած ազգային ազատագրական պայքարը յաղթական աւարտին հասցնելու համար։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

08.08․2021 թ