Հայաստանը Պիտի Մասնակցի ՀԱՊԿ «Անխախտ Եղբայրութիւն» Զօրավարժութիւններուն

Աշխարհ, Հայաստան

Վեց երկրի, ներառեալ՝ Հայաստանի, շուրջ 800 զինծառայող պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերու «Անխախտ եղբայրութիւն-2021» զօրավարժութիւններուն, որոնք պիտի իրականացուին Նոյեմբերին Գազանի մէջ: Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովըստի»-ն՝ վկայակոչելով ՌԴ Կեդրոնական ռազմական շրջանի մամուլի ծառայութիւնը:

Տեղեկութեան համաձայն՝ Գազանի բարձրագոյն հրասայլային հրամանատարական դպրոցին մէջ աւարտած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչներու շտապային վերջին բանակցութիւնները ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու «Անխախտ եղբայրութիւն-2021» համատեղ զօրավարժութեան նախապատրաստման ծիրէն ներս, որ պիտի իրականացուի Նոյեմբերին ռազմական համալսարանի ուսումնական զօրավարժարանին մէջ:

«Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղըրղըզիստանի, Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի ռազմական պատուիրակութիւնները նախօրէին փորձնական գործողութիւններու վայրի հետախուզութիւն իրականացնելով՝ որոշեցին զօրավարժութիւններուն մասնակցող ուժերու եւ միջոցներու կազմը: Այսպիսով, համատեղ փորձնական գործողութիւններուն պիտի մասնակցի ընդհանուր մօտ 800 զինծառայող»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: